Իրաք Իրաք

Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ հիւանդանոցի մը նուիրեց թթուածին արտադրելու մեքենայ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապին օգնութիւնները տրամադրուած աշխարհի մէջ կարիքաւոր տարբեր հիւանդանոցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, հոգեւոր յատուկ արարութեամբ մը պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նուիրուած բժշկական թթուածին արտադրելու մեքենայ մը, Պաղտատի Սուրբ Ռաֆայէլ հիւանդանոցէն ներս։

Ունկնդրէ լուրը

Բացման արարողութեան ընթացքին, Հիւանդանոցի պատասխանատուհի, քոյր Մարիան Փիերէ, իր արտասանած խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց ֆրանչիսկոս Պապին նուէրին համար։ Մինչ՝ հիւանդանոցին տնօրէն, տիար Խալէտ Մանսուր Սավա եւ վերլուծական բաժանմունքին ընդհանուր պատասխանատու, տիար Ամժատ Մաճիտ հաստատեցին, որ թթուածին արտադրելու մեքենան արդեն կանոնաւոր կերպով կը գործէ՝ մի քանի ամիսներէ ի վեր ։ Անիկա թթուածին կ՝արտադրէ ոչ միայն Սուրբ Ռաֆաէլ հիւանդանոցին համար, այլեւ իրաքի այլ հիւանդանոցներուն համար։

Իրաքի հիւանդանոցներու նուիրուած թթուածին արտադրելու մեքենան մեծ առիթ է դիմագրաւելու համար Քովիտ 19ի համաճարակի կապուած հարցերն ու պայքարելու նոր ալիքներուն դէմ։

Ֆրանչիսկոս Պապին օգնութիւնները տրամադրուած աշխարհի մէջ կարիքաւոր հիւանդանոցներուն։

Յիշենք, որ առողջապահական մարզէն ներս ՖրանչիսկոսՊապ բազմաթիւ նուէրներ փոխանցած է աշխարհի մէջ տարբեր հիւանդանոցներուն։ Ասոնց շարքին յիշենք, 25 օգոստոս 2020-ին, Լիպերիայի Սան Ժոզէֆ հիւանդանոցին բժշկական ապրանքներու նուէրը։ Անցեալ ապրիլ ամսոյն, քահանայապետը թոքերու արուեստական շնչառութեան երկու սարքեր նուիրեց Լեչչէ թեմի հիւանդանոցներու եւ 60 հազար եւրո Պերկամիոյն բուժարանի մը, համաճարակի ամենէն դժուար օրերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ այլ 10 թոքերու արուեստական շնչառութեան գործիքներ նուիրեց Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ երուսաղէմին Սուրբ Յովսէփ հիւանդանոցին։

Առողջապահական գետնի վրայ յիշեալ նուէրներու շարքին կան նաեւ բազմաթիւ օգնութիւններ տրամադրուած Պապին կողմէ ամոքելու համար ժողովուրդի ցաւերն եւ պայքարելու քոիվտ 19 համաճարակին դէմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2021, 09:37