Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի նոր Սուրբեր եւ Երանելիներ։ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի նոր Սուրբեր եւ Երանելիներ։  

Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի նոր Սուրբեր եւ Երանելիներ։

Քահանայապետը ճանչցաւ ու վաւերացուց երկու երանելիներու հրաշքները զանոնք դասելով սուրբերու շարքին ու Խորաններու պատուոյն արժանացուց Հինգ քահանաներ ու եպիսկոպոս մը։

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

Հինգշաբթի 25 նոյեմբեր 2021ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն հրահանգ տուաւ հրապարակելու հետեւեալ սուրբերու, երանելիներու եւ Աստուծոյ ծառայ եւ աղախիններու հրամանագիրերը։

Երկու նոր սուբեր

Վաւերացուեցաւ

- Երանելի Թիթօ Պրանտզմային բարեխօսութեամբ իրականացուած հրաշքը, որով ան արժանի պիտի ըլլայ դասուելու սուրբերու շարքին։ Քարմելիթեան միաբանութեան անդամ Քահանան, որ ծնած էր Հոլանտայի Պոլսվարտ քաղաքին մէջ` 23 փետրուար 1881ին եւ սպաննուեցաւ հաւատքին համար Գերմանիոյ Տաչաու քաղաքին մէջ` 26 յուլիս 1942ին։

- Աւազանի անունով Քարոլինա Սանթոքանալէ Երանելի Մարիա Ճեզուի բարեխօսութեամբ իրականացած հրաշքը։ Ան եղած է հիմանդրուհին Լուրտի Անարատ Յղութեան Քափուչիններու քոյրերու միաբանութեան։ Ծնած է Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքին մէջ` 2 հոկտեմբեր 1852ին եւ մահացած է 27 Յունուար 1923ին` Չինիզի քաղաքին մէջ։

Երանելիները

- Քահանայապետը վաւերացուց ապա Աստուծոյ Ծառաներ` Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաոլոյի միաբանութեան անդամ` Հայր Էնրիքօ Փլանշայի, եւ Յիսուսի ու Մարիամին Սուրբ Սրտի միաբանութեան անդամ Լատիզլաօ Ռատիկէի եւ անոր այլ երեք ընկերներու մարտիրոսութիւնը, որոնք նահատակուեցան հաւատքին համար` 26 մայսի 1871ին Փարիզի մէջ։ Սոյն վաւերացումով անոնք կը դասուին Երանելիներու շարքին։

- Երանելի կը հռչակուի նաեւ հերոսական առաքինութիւններուն համար Աստուծոյ Ծառայ` Հայր Անթոնիօ Պելլօ` Իտալիոյ Մոլֆեթթա- Ռուվօ-Ճովինացցօ-Թերլիցցի թեմին երբեմնի եպիսկոպոսը, ծնած 18 մարտ 1935ին եւ վախճանած Մոֆեթթա քաղաքին մէջ` 20 ապրիլ 1993ին։

Հերոսական առաքինութիւններու ճանաչում

Սրբազան Պապը հուսկ ճանչցաւ հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններու հերոսական առաքինութիւնները

- Քարմելիթեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ճովաննի Տի Ճեզու Մարիա։ Ծնած 27 յունուար 1564ին Սպանիայի Քալահորա քաղաքին մէջ ու մահացած 28 մայիս 1615 Իտալիոյ Մոնթէ Քոմփաթրի գիւղաքաղաքին մէջ։

- Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի միաբանութեան անդամ` Հայր Ճորճօ Կուցցեթթան։ Ծնած

23 ապրիլ 1682ին Իտալիոյ «Piana dei Greci» վայրին մէջ ու մահացած 21 նոյեմբեր 1756ին Իտալիոյ Փարթինիքօ քաղաքին մէջ։

- Լորէթոյի Տիրամայր քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր` Քոյր Նաթալինա Պոնարտի։ Ծնած 4 դեկտեմբեր 1864ին Իտալիոյ Քունէօ քաղաքին մէջ ու մահացած 25 յուլիս 1945ին Վերչելլի քաղաքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2021, 13:00