Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը, մօտիկութիւնն ու կոչը ի նպաստ գաղաթականներուն

«Կը նորոգեմ իր սրտաբուխ կոչս անոնց` որոնք կարող են սատարել այս հարցին լուծման, մանկաւորապէս քաղաքացիական եւ զինուորական իշխանութիւններուն, որպէսզի հասկացողութիւնն ու երկխօսութիւնը գերակայէն ամէն տեսակ չարաշահումի վրայ եւ կամքերն ու ջանքերը կողմնորոշուին դէպի լուծումներ, որոնք յարգեն այդ մարդոց մարդկայնութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով մտածել գաղթականներուն, անոնց տառապանքներուն եւ աղօթել լռութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 28 նոյեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն նախագահած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն, ակնարկեց մէկ օր առաջ իր ունեցած մէկ հանդիպումին, գաղթականներու հոգածութեամբ զբաղող մէկ ընկերակցութեան անդամներուն հետ, «որոնք կը գտնուին հրապարակին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Քահանայապետին ցաւը եւ մօտիկութիւնը գաղթականներուն

Ան ապա մատնանշեց այս օրերուն ծանր վտանգներու ենթարկուած գաղթականներուն, «որոնք յաճախ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն մեր սահմաններուն վրայ» ըսաւ Ան, իր խորը ցաւ արտայայտելով ի տես անոնց ապրած կացութեան, «անոնց համար որոնք մահացան, Պիելոռուսիայի սահմանին վրայ գտնուողներուն, որոնց շարքին կան բազմաթիւ մանուկներ, անոնց համար որոնք խեղդամահ եղան միջերկրականին մէջ, անոնց` որոնք կը գտնուին մարդավաճառներու ձեռքերուն մէջ, որոնք զանոնք ստրուկ կը դարձնեն, վաճառելով կիները, խոշտանգումի մատնելով մարդիկը»… «ու նաեւ անոնց, որոնք այս շաբթուայ ընթացքին փորձեցին Միջերկրականը նաւարկել որոնելով բարեկեցութիւն` բայց գտան գերեզման մը» ըսաւ Սրբազան Պապը բոլոր փախստականներուն ապահովեցնելով իր աղօթքը ու «նաեւ իմ սիրտս» յարեց Ան հաւաստիացնելով, որ ինք անոնց մօտիկ է։

Շնորհակալական խօսք իշխանութիւններուն

Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր իշխանութիւններուն ըլլան անոնք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատկան կամ այլք, մասնաւորապէս ազգային Քարիթասներուն ու բոլոր անոնց, որոնք յանձնառու են սփոփելու համար գաղթականներուն տառապանքը։

Կոչ` լուծում գտնելու համար գաղթականութեան երեւոյթին

«Կը նորոգեմ իր սրտաբուխ կոչս անոնց` որոնք կարող են սատարել այս հարցին լուծման, մասնաւորապէս քաղաքացիական եւ զինուորական իշխանութիւններուն, որպէսզի հասկացողութիւնն ու երկխօսութիւնը գերակայէն ամէն տեսակ չարաշահումի վրայ եւ կամքերն ու ջանքերը կողմնորոշուին դէպի լուծումներ, որոնք յարգեն այդ մարդոց մարդկայնութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով մտածել գաղթականներուն, անոնց տառապանքներուն եւ աղօթել լռութեամբ։

Աղօթք ու մաղթանք

Պահ մը լռելեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն խումբերը, հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ Յիսնակացի բարի ուղեւորութիւն մը. «Բարի ուղեւորութիւն դէպի Ծնունդ, դէպի Տէրը» ըսաւ Ան հաւատացեալներէն խնդրելով, որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2021, 12:22