Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Գերմանիոյ Նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Գերմանիոյ Նախագահը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Գերմանիոյ Նախագահը։

Սիրալիր զրոյցներուն ընթացքին խօսուեցաւ Երկրին ներքին քաղաքական զարգացումներուն մասին։ Այնուհետև կենտրոնացան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ, մասնաւորապէս` գաղթականութեան խնդիրին ու միջազգային հակամարտութեան որոշ իրավիճակներու վրայ, ինչպէս նաև անոնց համար լուծումներ որոնելու բազմակողմ յանձնառութիւն կարևորութեան վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ այսօր` «25 հոկտեմբերի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանիոյ Դաշնային հանրապետութեան նախագահ` Տիար Ֆրանք Վալթեր Սթէյնմէյըրին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՜ընկերակցեր Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրը։

Սիրալիր զրոյցներուն ընթացքին խօսուեցաւ Երկրին ներքին քաղաքական զարգացումներուն մասին։ Այնուհետև կենտրոնացան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ, մասնաւորապէս `գաղթականութեան խնդիրին ու միջազգային հակամարտութեան որոշ իրավիճակներու վրայ, ինչպէս նաև լուծումներ որոնելու համար բազմակողմ յանձնառութիւն կարևորութեան վրայ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2021, 13:20