Որոնել

«Սուրբ Հոգիին պտուղները». Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Բայց Հոգիին պտուղը` այս է. եղբայրսիրութիւն, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշի վրայ, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն. ասոնց դէմ օրէնք չկայ։ Անոնք որ Քրիստոսի են, կը խաչեն մարմինը` ասոր կիրքերուն եւ ցանկութիւններուն հետ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 Հոկտեմբեր 2021ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով մեկնաբանել Սուրբ Պօղոսին գաղատացիներուն ուղղած նամակը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգիի պտուղներուն վրայ։

Առաքեալը արդարեւ կը գրէ «Բայց Հոգիին պտուղը` այս է. եղբայրսիրութիւն, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշի վրայ,  հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն. ասոնց դէմ օրէնք չկայ։ Անոնք որ Քրիստոսի են, կը խաչեն մարմինը` ասոր կիրքերուն եւ ցանկութիւններուն հետ» (Գաղատ. 5,22-24)։ 

Սուրբ Պօղոսին քարոզութիւնը կեդրոնացած է Յիսուս Քրիստոսի զատկական խորհուրդին վրայ

«Սուրբ Պօղոսին քարոզութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Յիսուսին ու անոր զատկական խորհուրդին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը  խորհրդածութեան սկիզբը, մատնանշելով որ «Այսօր շատեր աւելի շուտ կրօնական ապահովութիւն կը փնտռեն, քան կենդանի և ճշմարիտ Աստուածը, կենտրոնանալով ծէսերու և պատուիրաններու վրայ, փոխան իրենց ամբողջական կեանքով ողջագուրելու սիրոյ Աստուածը։ Կը փնտռեն ապահովութեան աստուածը եւ ոչ թէ Աստուծոյ մէջ ապահովութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Փրկութեան եւ հաւատքին կեդրոնը Տիրոջ մահն ու յարութիւնն է» յարեց Ան  եւ ասոր համար Սուրբ Պօղոսը գաղատացիներէն կը խնդրէ վերադառնալ էականին` Աստուծոյ, որ խաչեալ Քրիստոսի միջոցաւ կեանք կը պարգեւէ։ Այս կ՜ընէ իր անձնական վկայութիւնը տալով. «Ես Խաչուեցայ Քրիստոսին հետ, եւ այլեւս ես չեմ` որ կ՛ապրիմ, այլ Քրիստոս կ՛ապրի իմ մէջս» (Գաղ. 2,20), ապա նամակին աւարտին կը հաստատէ «Բայց քա՛ւ լիցի ինծի պարծիլ, եթէ ոչ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչով միայն, որով աշխարհը ինծի համար խաչուած է եւ ես՝ աշխարհին համար» (6,14)

Յիսուս մեզի կը պարգեւէ կեանքը` Սուրբ Հոգին

«Եթէ մենք կորսնցնենք հոգեւոր կեանքին թելը, եթէ հարցերն ու մտահոգութիւնները մեզ կը խռովեն, մերը դարձնենք սուրբ Պօղոսին խրատը. «մենք մեզ դնենք Խաչեալ Քրիստոսին առջեւ, զայն առնենք մեր ձեռքերուն մէջ, զայն ամուր կերպով սեղմենք մեր սրտին։ Եւ կամ երկրպագութիւն կատարենք Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ, ուր Յիսուս ներկայ է` որպէս մեզի համար բեկանուած հաց, խաչեալ եւ յարուցեալ, Աստուծոյ զօրութիւն` որ իր սէրը կը զեղէ մեր սրտերուն մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «երբ մենք Յիսուսին կը հանդիպինք աղօթքին մէջ, Ան մեզի կու տայ իր կեանքը, մեզի կը յանձնէ Սուրբ Հոգին եւ Սուրբ Հոգին, որ կը բխի Յիսուսին Զատիկէն, սկիզբն է հոգեւոր կեանքին»։

Ս. Հոգին կը փոխէ սիրտը, կ՜առաջնորդէ Եկեղեցին

«Ան է որ սիրտը կը փոխէ։ Ան է որ կ՛առաջնորդէ Եկեղեցին ու մենք կոչուած ենք հնազանդելու Անոր, ապա միշտ Սուրբ Հոգիին շնորհիւ է, որ մենք կը սնուցենք մեր քրիստոնէական կեանքը ու յառաջ կը մղենք մեր հոգեւոր պայքարը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ հոգեւոր պայքարը Գաղատացիներուն ուղղուած նամակին ամենամեծ ուսուցումներէն մէկն է։

«Մարմնի գործերը» եւ «հոգւոյ պտուղները» 

Առաքեալը արդարեւ երկու հակադիր ճակատներ կը ներկայացնէ. մէկ կողմէն «մարմնի գործերը» եւ միւս կողմէն «հոգւոյ պտուղները»։ 

«Առաքեալը Աստուծոյ կամքին հակառակ գործերը կը կոչէ մարմնի գործեր ոչ որովհետև մեր մարդկային մարմնին մէջ սխալ կամ գէշ բաներ կան, այլ պարզապէս որովհետեւ մարմին բառը կը յիշեցնէ թէ ամէն ինչ անցողական է, կը ծերանայ ու կ՛անցնի, կը փտի, մինչ Հոգին կեանք կը պարգեւէ» բացատրեց Քահանայապետը մատնանշելով Սուրբ Պօղոսին նշած մարմնի գործերուն, որոնք կը հային  շնութեան, ցանկութեան, պղծութեան, գիջութեան, կռապաշտութեան, կախարդութեան, թշնամութեան, կռիւի, նախանձի, բարկութեան, հակառակութեան, երկպառակութեան, բաժանումի,  չարակնութեան, սպանութեան, արբեցութեան, անառակութեան» (Գաղ. 5,19-21)« ։

Մինչ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Հոգիին գործերն են եղբայրսիրութիւն, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշի վրայ,  հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։

Միայն Սէրն է` որ ունի ուժը ներքաշելու եւ փոխելու մարդուն սիրտը

«Որպէս Քրիստոսներ մենք կանչուած ենք ապրելու Սուրբ Հոգիի պտուղներուն համաձայն» նշեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով  « Սիրոյ Հոգիի շունչով ոգեւորուած Խաչեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսը հռչակելու մեծ պատասխանատուութեան» ու հաստատելով` թէ «միայն այս Սէրն է որ ունի ուժը ներքաշելու եւ փոխելու մարդուն սիրտը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2021, 09:22

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >