Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին։

Ջերմ զրոյցներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ե ամրապնդման գծով` ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի հանրապետութեան
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Երկուշաբթի 11 հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց ՀՀ նախագահ Վսեմաշուք Տիար Արմէն Սարգսեանին, որ այնուհետեւ հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը` Գերապայծառ Փօլ Կալլակէր։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը նշելով, որ «ջերմ զրոյցներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ե ամրապնդման գծով` ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի հանրապետութեան», որ, ընդգծած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, «Հինաւուրց Քրիստոնեայ աւանդութեան երկիր է»։

Հանդիպումի ընթացքին ուշադրութիւն յատկացուեցաւ նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական այլ թեմաներու վրայ։

Նշենք թէ պաշտօնական այցելութեան առթիւ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Քահանայապետին նուիրեց հայկական գորք մը, Գրիգոր Նարեկացիի արծաթէ եռաչափ նկար եւ Հայ Եկեղեցւոյ մանրանկարներու հատորը մը։ Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին Նախագահ Սարգիսեանին նուիրեց իր ստորագրութիւնը կրող 2021ի խաղաղութեան պատգամ, «Անապատը կը ծաղկի» շրջանակը եւ Քահանայապետութեան ընթացքին հրապարակած յորդորագիրներու եւ առաքելական նամակներու հաւաքածոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2021, 13:01