Որոնել

Պրազիլի մէջ միսիոնար մը Պրազիլի մէջ միսիոնար մը 

«Շնորհակալութիւն բոլոր միսիոնարներուն որոնք իրենց կեանքով Յիսուսը կը վկայեն». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբազան Պապը յիշեց հռչակուած երկու նոր երանելիները եւ Միսիոներական համաշխարհային օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 24 հոկտեմբեր 2021ի կէսօրին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին յիշեց երէկ Պրեշա քաղաքի մէջ Երանելի հռչակուած Քոյր Լուչիա Տէլլիմաքոլաթան, որ մահացած է 1954ին, 45 տարեկանին, մերձաւորին նուիրուած ծառայական կեանքէն մը ետք, որ «զայն մաշեցուց ֆիզիքապէս բայց ոչ Հոգեկան կերպով», ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով նաեւ Ռիմինիի մէջ այսօր Երանելի հռչակուած Սանտրա Սապաթինին, 22 տարեկան երիտասարդուհիին, որ մահացած է ինքնաշարժի արկածի մը պատճառաւ «որ մեծ խանդավառութեամբ նուիրուեցաւ աւելի տկարներու ծառայութեան» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաւատացեալներէն խնդրելով որ ծափահարութեամբ ընկալեն այս լուրը։

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց, թէ այսօր կը յիշատակուի Միսիոներական Համաշխարհային օրը, հրաւիրելով նայիլ այդ երկու Երանելիներուն, որպէս «վկաներ` որոնք իրենց կեանքով հռչակեցին Աւետարանը»։

Ան ապա երախտագիտութեամբ ողջունեց բազմաթիւ միսիոնարները, որոնք առաջնագիծին վրայ իրենց ուժերը կը դնեն ի սպաս Քրիստոսի Եկեղեցւոյ, անձնապէս վճարելով իրենց վկայութեան «յաճախ սուղ գինը», ըսաւ Ան շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու անոնց համար եւս խնդրելով ծափահարութիւն։

Սրբազան Պապը ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կրակի եւ խնդրեց որ բարեհաճին չի մոռնալ իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2021, 13:14