Որոնել

Քահանայապետին կոչը ի նպաստ Լիպիացի  գաղթականներուն Քահանայապետին կոչը ի նպաստ Լիպիացի գաղթականներուն  

Քահանայապետին կոչը ի նպաստ Լիպիացի գաղթականներուն

Անհրաժեշտ է վերջ դնել գաղթականներու անապահով երկիրներ վերադարձի երեւոյթին և առաջնահերթութիւն տալ մարդկային կեանքի փրկարարական գործունէութիւններուն անոնց ապահովեցնելով արժանաւոր կեանքի պայմաններ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 հոկտեմբերին արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն նախ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Լիպիայի մէջ պաշտպանութեան կարեկցող հազարաւոր գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն, հաւաստիացնելով թէ ինք երբեք զիրենք չի մոռնար։

«Ես կը լսեմ ձեր ճիչը ու կ՛աղօթեմ ձեզի համար» յարեց Քահանայապետը մատնանշելով, թէ անոնք շատ անգամ ենթարկուած են տմարդկային բռնութիւններուն, ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, յարգելու միասնական, շօշափելի եւ մնայուն լուծումներ որոնելու խոստումները, ի սպաս Լիպիայէն ու համայն Միջերկրականէն գաղթականներու հոսքի մատակարարման։

«Անհրաժեշտ է վերջ դնել գաղթականներու անապահով երկիրներ վերադարձի երեւոյթին և առաջնահերթութիւն տալ մարդկային կեանքի փրկարարական գործունէութիւններուն անոնց ապահովեցնելով արժանաւոր կեանքի պայմանները, որ այլընտրանք են կալանաւորման, ինչպէս նաեւ գաղթականութեան կանոնաւոր ուղիներ եւ ապաստան գտնելու ընթացակարգի հասանելիութիւնը»։

Բոլորս ըսաւ Սրբազան Պապը մենք մեզ զգանք պատասխանատու հանդէպ մեր այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք բազմաթիւ տարիներէ ի վեր զոհ են այս ծանր իրավիճակին։ Միասին աղօթենք անոնց համար լրութեամբ յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2021, 13:02