Մանուկն ու Քահանայապետը. Հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը գեղեցիկ միջադէպ մը։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց մանուկին, «մեզի բոլորիս տուած դասին համար»։ Թող Տէրը օգնէ անոր իր սահմանափակումներուն մէջ, անոր աճումին մէջ, որովհետեւ ան մեզի տուաւ այս վկայութիւնը, որ կու գայ սրտէն։ Մանուկները ինքնաշխատ թարգմանիչ մը չունին սրտէ դէպի կեանք. Անոնց սիրտը միշտ յառաջ կ՛երթայ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

20 հոկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, յանկարծ Նորին Սրբութեան մօտեցաւ փոքրիկ մը, մտային անկարութեամբ, որ անոր առջեւ կանգնելով սկսաւ անոր հետ զրուցել ու խաղալ։ Ֆրանչիսկոս Պապը մեծ քնքշութեամբ համապատասխանեց անոր շարժումներուն ապա հրաւիրեց, որ նստի քովի աթոռին վրայ, ուր բազկած էր Քահանայապետական տան հոգաբարձութեան տեղակալը` Գերապայծառ Սափիենցան։ Պատանին սակայն մի քանի րոպէ ետք դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ ու մօտեցաւ Սրբազան Քահանայապետին, անորմէ խնդրելով քահանայապետական գլխարկը ու երբ ստացաւ զայն ուրախ ու զուարթ վերադարձաւ իր ծնողքին մօտ։ 

Ըլլալ նման մանուկներուն

Այս գեղեցիկ միջադէպին ի տես Սրբազան Պապը նախ քան խորհրդածութիւնը ներկայացնելը յայտնեց, թէ` «այս օրերուն կը խօսինք հաւատքի ազատութեան մասին, ունկնդրելով Գաղատացիներուն ուղղուած նամակը։ Սակայն, յարեց Սրբազան Պապը, երբ այս մանուկը ազատութիւնը ունեցաւ մօտենալու եւ շարժելու կարծես իր տան մէն ըլլար, միտքս եկաւ այն ինչ` որ Յիսուս կ՛ըսէր մանուկներու ազատութեան եւ անոնց ինքնաբուխութեան մասին... Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ «Դուք ալ եթէ մանուկներ չի դառնաք, պիտի չի կարողանաք Երկնքի Արքայութիւն մտնել։

Շնորհակալութիւն մանուկին տուած դասին համար

«Քաջութիւնը մօտենալու Տիրոջ, բաց ըլլալու Անոր, վախ չունենալու Տիրոջմէ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ մանուկին, «մեզի բոլորիս տուած դասին համար»։ Թող Տէրը օգնէ անոր իր սահմանափակումներուն մէջ, անոր աճումին մէջ, որովհետեւ ան մեզի տուաւ այս վկայութիւնը, որ կու գայ սրտէն։ Մանուկները ինքնաշխատ թարգմանիչ մը չունին սրտէ դէպի կեանք. Անոնց սիրտը միշտ յառաջ կ՛երթայ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2021, 09:57