Եթովպացի տեղահան մայր մը իր զաւկին հետ Եթովպացի տեղահան մայր մը իր զաւկին հետ  

«Այս թող ըլլայ պահը եղբայրութեան եւ զօրակցութեան» Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթանքները Եթովպիային։

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ այսօր յիշատակուող Սուրբ Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 սեպտեմբերին գլխաւորած Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին աւարտին յիշեց թէ յառաջիկայ 11 սեպտեմբերին Եթովպիայի մէջ կը յիշատակուի Նոր Տարին։

«Եթովպիայի ժողովուրդին կ՜ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյնս, մասնաւոր կերպով անոնց` որոնք կը տառապին առկայ հակամարտութեան ու անոր պատճառաւ ստեղծուած ծանր իրավիճակին հետեւանքով։ Թող այս ըլլայ ժամանակը եղբայրութեան եւ զօրակցութեան, որուն ընթացքին անսալ խաղաղութեան միասնական իղձին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը:

Սուրբ Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնը

Ողջունելէ ետք ապա Իտալացի ուխտաւորները  Ան յատուկ խօսք ուղղեց տարեցներուն,երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն յիշեցնելով, որ «այսօր կը տօնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնը։ Այս տօնը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումներուն ու Սուրբ Կոյս Մարիամի միջոցաւ ուզեց բնակիլ մեր մէջ. Թող որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ուրախ ըլլայ անոր խաղաղութեան եւ երջանկութեան ներկայութիւնը ընկալելով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն շնորհելով իր օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2021, 10:45