խնամք տանիլ արարչագործութեան խնամք տանիլ արարչագործութեան 

«Հոգ տանինք մէկը միւսին ու նաեւ արարչագործութեան». Ֆրանչսիսկոս Պապին Թուիթը։

Եթէ մէկը միւսին հոգ չտանինք, սկսեալ վերջիններէն, չենք կարող աշխարհը բուժել»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համաճարակը աւելիով ընդգծեց, թէ որքանով մենք բոլորս խոցելի և փոխկապուած ենք իրարու։ Եթէ մէկը միւսին հոգ չտանինք, սկսեալ վերջիններէն, անոնցմէ որոնք աւելիով տուժած են, ներառեալ արարչութիւնը, չենք կարող աշխարհը բուժել»#SeasonOfCreation։

Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետին 3 սեպտեմբերին թուիթն է այս որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան 12 օգոստոս 2020ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութենէն, ուր Ան ի մէջ այլոց հրաւէր ուղղած էր հաւատացեալներուն Տիրոջմէ հայցելու «ուշադիր աչքեր եղբայրներու եւ քոյրերու նկատմամբ, ու մասնաւորապէս անոնց նկատմամբ` որոնք աւելիով կը տառապին», ըսած էր Քահանայապետը, հաստատելով նաեւ, որ «որպէս Յիսուսին աշակերտները մենք չենք ուզեր ըլլալ անտարբեր ու անհատապաշտ»։

Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը աւելցուցած էր` որ «Աստուծոյ ստեղծած ներդաշնակութիւնը մեզմէ կը խնդրէ նայիլ միւսներուն, միւսներու կարիքներուն, միւսներու հարցերուն, ըլլալ Հաղորդութեան մէջ։ ... Կ՛ուզենք իւրաքանչիւր մարդու մէջ ճանչնալ անոր արժանապատւութիւնը։ Ներդաշնակութիւնը մեզ կը մղէ ճանչնալու մարդուն արժանապատւութիւնը, Աստուծոյ ստեղծած ներդաշնակութիւնը, որուն կեդրոնը կայ մարդը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2021, 13:30