Որոնել

1574593160264.jpg

Դէպի միջուկային զինում վազքը թանկագին կենսամիջոցներու մսխում է. Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Դէպի զինում վազքը, ներառեալ հիւլէական զէնքերը, կը շարունակէ մսխում ըլլալ թանկագին կենսամիջոցներու, զոր աւելի լաւ պիտի ըլլար գործածել ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումին համար եւ բնական միջավայրը պաշտպանելու համար»։

Վատիկան Նիուզ

Այսօր՝ 26 սեպտեմբերին կը յիշատակուի ՄԱԿ-ի կողմէ 2013-ին հաստատուած «Միջուկային զէնքի ամբողջական վերացման միջազգային օրը»։

Այս Օրուայ գլխաւոր նպատակն է համաշխարհային հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել միջուկային զինաթափման ու միջուկային զէնքի վերացման առաւելութիւններու վրայ։

Օրուան առիթով հրապարակած թուիթի մը մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ «Դէպի զինում վազքը, ներառեալ հիւլէական զէնքերը, կը շարունակէ մսխում ըլլալ թանկագին կենսամիջոցներու, զոր աւելի լաւ պիտի ըլլար գործածել ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումին համար եւ բնական միջավայրը պաշտպանելու համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2021, 10:15