Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթը. «Սյլեւս գոյութիւն չունենան «միւսները» այլ հսկայական «մենք» մը»։

Պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան համար ձախողութիւն է։

Վատիկան Նիուզ

«Բոլորս քոյրեր եւ եղբայրներ ենք։ Աղօթենք ամենաբարձրեալին որ այս փորձանքի ժամանակէն ետք այլեւս գոյութիւն չունենան «միւսները» այլ հսկայական «մենք» մը հարուստ տարբերութիւններով»։ Ասիկա շաբաթ 25 սեպտեմբեր 2021ին Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուած թուիթն է որուն պարունակութիւնը քաղուած է 20 հոկտեմբեր 2020ին Հռոմի Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ կայացած Խաղաղութեան հաւաքի եզրափակիչ կոչէն, ուր ի մէջ այլոց կ՛ըսուի «Ժամանակն է նորէն քաջութեամբ երազելու թէ խաղաղութիւնը կարելի է, թէ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, թէ առանց պատերազմի աշխարհ մը ցնորք մը չէ։ Ասոր համար մենք կ՛ուզենք անգամ մը եւս կրկնել «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ»։

«Պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան համար ձախողութիւն է» նշուած է վերոյիշեալ փաստագիրին մէջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2021, 13:30