Ուխտագնացութիւն դէպի Շասթինի Տիրամօր Սրբավայր

Շասթինի Տիրամօր եօթը վէրքերուն նուիրուած Պազիլիքային մէջ աղօթք եւ եզրափակիչ պատարագ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շասթինի Տիրամօր Սրբավայրը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Սլովաքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան այցելած վերջին վայրը` ուր ան եզրափակեց նաեւ առաքելական ճամբորդութիւնը։

Շասթինի ուխտավայրը

Շասթին քաղաքի ծագումը կը զուգադիպի Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիոս եղբայրներու Սլովաքիա ժամանումին։ Քաղաքի մասին առաջին պաշտօնական գրութիւնները արձանագրուած են 1218 թուականին։ Գիւղաքաղաքը եղած ամրոց մը որ սահմանուած էր պաշտպանելու տարբեր ճիւղաւորումներով առեւտրական ճանապարհները եւ աթոռն էր շրջանի ղեկավարներուն եւ եպիսկոպոսի ներկայացուցիչներուն։ Շասթինը քաղաքի հանգամանք կը ստանայ միայն 2001ի սեպտեմբեր մէկին։

Ամէն տարի Շասթինի «Սուրբ Կոյս Մարիամի Եօթը վէրքերու» Պազիլիքան, որ Սլովաքիայի ամենակարեւոր սրբավայրերէն մին է, հիւրընկալութիւն կու տայ հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը

Սրբազան Հօր Սլովաքիայի այցելութեան վերջին օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան կանուխ` երբ ան հրաժեշտ առաւ Պրաթիզլաւի Առաքելական Պալատէն եւ ուղղուեցաւ Շասթինի ազգային Սրբավայր, ուր ժամանեց մէկ ժամ քսան վայրկեան տեւող ինքնաշարժով ճանապարհորդութենէ մը ետք։

Շասթինի սրբավայրին մէջ Քահանայապետին  աղօթքը Եպիսկոպոսներուն հետ

Սրբավայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը Սլովաքիայի Եպիսկոպոսներուն հետ միասին ամփոփուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի եօթը վէրքերու Պազիլիքային մէջ Սուրբ Կոյսին նուիրելով միասնական աղօթք մը` որուն մէջ հայցեցին որ Սուրբ Կոյսը «իր քնքուշ հայեացքը սեւեռէ իրենց վրայ ու զիրենք ընկալէ իր բազուկներուն մէջ»։

«Առաքեալներու Թագուհի եւ ապաստան մեղաւորաց, որ կը ճանչնաս մարդկային սահմանափակումներն ու հոգեւոր ձախողութիւնները, առանձնութեան ու լքումի ցաւը` քու անուշութեամբդ բուժէ մեր վէրքերը։

Մայր Աստուծոյ ու մեր մայրը, քեզի կը յանձնենք մեր կեանքը եւ մեր հայրենիքը, քեզի կը յանձնենք մեր եպիսկոպոսական հաղորդութիւնը, բարեխօսէ մեզի համար որպէսզի առօրեայի հաւատարմութեամբ ապրինք Քու զաւկիդ Յիսուսին` մեզի սորվեցուցած խօսքերը, որոնք այժմ անոր մէջ եւ անոր հետ միասին կ՛ուղղենք Աստուծոյ` մեր հօրը» ըսին քահանայապետն ու եպիսկոպոսները իրենց Տիրամօր նուիրած աղօթքին մէջ որուն հետեւեցաւ «Հայր Մեր» աղօթքը եւ Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2021, 08:50