Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Քահանայապետը կը խնդէ ըլլալ աշխարհին ուղղուած Եկեղեցւոյ վկաները. Կարդինալ Փարոլնը։

Նորին Սրբութեան Պուտաբեշտ եւ Սլովաքիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին Վատիկանի Պետական Քարտուղարին հարցազրոյցը Վատիկան Նիուզի հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը պատրաստուի մեկնիլ Պուտաբեշտ ապա Սլովաքիա` Քահանայապետութեան առաքելական 34րդ միջազգային առաքելութեամբ, որ կը հանդիսանայ Քահանայապետին անցեալ Յուլիսի վիրահատական գործողութենէն ետք առաջին ճամբորդութիւնը։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Նորին Սրբութեան վերոնշեալ ճամբորդութեան նախօրեակին Վատիկան Նիուզի հետ ունցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Սրբազան Պապին Սլովաքիայի Շաշթինի Տիրամօր սրբավայր այցելութիւնը կարելի է համարել «ուխտագնացութիւն` շնորհակալութիւն յայտնելու նաեւ Տիրամօր, գործողութեան յաջողութեան համար»։

Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային գիտաժողովի եզրափակիչ պատարագ

Ծիրանաւորը յայտնեց թէ նոյնինքն Սրբազան Պապը Իրաքէն Հռոմ վերադարձի թռիչքին վրայ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած էր ճամբորդութիւնը իրականացնելու իղձը ու թէ ճամբորդութեան դիտաւորութիւնը ծնունդ առաւ «աղօթքէն», այսինքն Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային գիտաժողովի եզրափակիչ պատարագը գլխաւորելու փափաքէն։

Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ կը մխրճէ Քրիստոսի սիրոյն մէջ

Խօսելով Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովներու մասին Կարդինալ Փարոլինը նշեց` թէ անոնք Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի մասին խորհրդածութեան ուսումնասիրութեան ու խոր քննարկումի առիթներ են, որոնց նպատակն է մղել ապրելու կեանք մը, որ ըլլայ իսկապէս Հաղորդութիւն, ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը 2018 թուականին Մոլֆեթթա գիւղաքաղաքին տուած այցելութեան առթիւ. «Ամէն մէկ ժողովրդապետութեան մէջ, ամէն մէկ եկեղեցւոյ մէջ պէտք է արձանագրուի սոյն գրութիւնը. Սուրբ Պատարագէն ետք չենք ապրիր մենք մեզի համար այլ կ՛ապրինք միւսներուն համար»։

«Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ կը մխրճէ Քրիստոսի սիրոյն մէջ, նոյնինքն Քրիստոսի կեանքին մէջ, որ տիեզերական չափանիշով սէր է եւ որ մեզ պէտք է կարող դարձնէ իւրաքանչիւր մարդու, իւրաքանչիւր անհատի մէջ տեսնելու եղբայր մը, որուն թիկունք կանգնիլ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։

Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիոս

Ան ապա անդրադարձաւ երկու Սուրբ Եղբայրներ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոսի մասին, որոնք եղան Սլովաքիայի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածող առաքեալները, Երկրին հոգեւոր ու մշակութային Հայրերը։

«Անոնք գիտցան մարդոց հետ խօսիլ ու Աւետարանը հռչակել մարդոց բարբառով, ահա այս է այն ինչ որ մեզմէ կը խնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապը երբ կը խօսի դէպի դուրս եկեղեցւոյ մը մասին, եկեղեցի մը, որ ամբողջութեամբ ուղղուած ըլլալու է աշխարհի աւետարանումին, այսինքն գտնել յարմար լեզուն որպէսզի աշխարհը կարողանայ ընկալել Աւետարանի լոյսը» յարեց Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը։

Քահանայապետին Ռոմ հասարակութեան հետ հանդիպումը

Պետական Քարտուղարը անդրադարձաւ նաեւ Քահանայապետին «Ռոմ» հասարակութեան հետ ունենալիք հանդիպումին, մատնանշելով այդ հասարակութեան ապրած դժուարութիւններուն ու Քահանայապետին անոնց վերապահած յատուկ վերաբերմունքին։

Խօսելով ապա Սլովաքիայի Շաշթին քաղաքի Սլովաքիայի պաշտպան սրբուհի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին Քահանայապետին տալիք այցելութեան մասին Կարդինալ Փարոլինը մատնանշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց ճամբորդութիւնը երկարել մէկ օրով մասնակցելու համար Շաշթինի Տիրամօր ժողովրդական տօնախմբութիւններուն։

Շաշթինի Տիրամօր սրբավայր ուխտագնացութիւն

«Շաշթինի սրբավայրը օրինակ է թէ ժողովուրդի մը հաւատքի կեանքին մէջ որքան կարեւոր է Սուրբ Կոյսին մեծարանքը։ Այդ վայրի այցելութիւնը տեսակէտով մը ուխտագնացութիւն է զոր Քահանայապետը կ՛ուզէ կատարել շնորհակալութիւն յայտնելու համար Աստուածամօր` անցեալ ամիսներուն վիրաբուժական գործողութեան յաջողութեան համար ու նաեւ Անոր յանձնելու բոլոր անոնք, որոնք այսօր կը գտնուին խոցելի կացութեան մը մէջ» ըսաւ հուսկ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը։

Ան ապա հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կարիքը կը զգայ շփում ունենալու մարդոց հետ հանդիպելու հաւատացեալներուն հետ ու այս մէկը կարելի է նկատել անոր առաքելական գործելաոճը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2021, 15:30