Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆոքոլարինի շարժումի բարեկամ եպիսկոպոսներուն. Միութիւնը միատեսակութիւն չէ այլ ուրիշի յարգանք է։

«Պատերազմի կսկծանքներու եւ աւերներու մէջ Սուրբ Հոգին երիտասարդ Քիարայի սրտին մէջ զետեղեց եղբայրութեան, հաղորդութեան սերմ մը» ըսաւ Քահանայապետը. «Սերմ` որ Թրենթօ քաղաքի ընկերուհիներու խումբէն, զարգացաւ ու աճեցաւ, ներքաշելով ամէն լեզուի ու ազգի մարդիկ եւ կիներ, Աստուծոյ սիրոյ զօրութեամբ, որ միութիւն կը ստեղծէ առանց ոչնչացնելու տարբերութիւնները, ընդհակառակը, զանոնք ներդաշնակելով եւ արժեւորելով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Շաբաթ 25 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Քիարա Լուպիքի հիմնած «Ֆոքոլարինի» շարժումի բարեկամ եպիսկոպոսներուն հետ, որոնք այս օրերուն Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ կը մասնակցին «Dare to be One. Համարձակիլ մէկ ըլլալ. Միութեան պարգեւը բաժնուած աշխարհի մը մէջ» բնաբանով համաժողովին։

Միութիւնը համակեդրոն շրջանակներով

Այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ Քահանայապետը խնդակցութիւնը յայտնեց անոնց 40 տարուայ բարեկամութեան ուղեւորութեան համար յիշելով շարժումի հիմնադիրին «խարիզմը» ու անոր առաքելութիւնը ի նպաստ միութեան. Միութիւն եկեղեցւոյ մէջ, միութիւն բոլոր հաւատացեալներու միջեւ, միութիւն համայն աշխարհի հետ` «համակեդրոն շրջանակներով»։

«Պատերազմի կսկծանքներու եւ աւերներու մէջ Սուրբ Հոգին երիտասարդ Քիարայի սրտին մէջ զետեղեց եղբայրութեան, հաղորդութեան սերմ մը» ըսաւ Քահանայապետը. «Սերմ` որ Թրենթօ քաղաքի ընկերուհիներու խումբէն, զարգացաւ ու աճեցաւ, ներքաշելով ամէն լեզուի ու ազգի մարդիկ եւ կիներ, Աստուծոյ սիրոյ զօրութեամբ, որ միութիւն կը ստեղծէ առանց ոչնչացնելու տարբերութիւնները, ընդհակառակը, զանոնք ներդաշնակելով եւ արժեւորելով» աւելցուց Սրբազան Պապը, այս ծիրէն ներս բացայայտելով «ընտելութիւնը» որ կայ այդ «խարիզմ»ի եւ Եպիսկոպոսներու առաքելութեան միջեւ, որոնք «Աստուծոյ ժողովուրդին կը ծառայեն, որպէսզի կառուցուի հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ միութիւնը»։

Միութիւնը միաձեւոութիւն չէ` այլ յարգանք

«Եպիսկոպոսի սրտին մէջ Սուրբ Հոգին կը դրոշմէ Տիրոջ կամքը, որպէսզի «բոլոր քրիստոնեաները մէկ բան ըլլան, ի փառս եւ ի գոհութիւն Աստուծոյ, մէկ եւ երրորդութիւն, եւ որպէսզի աշխարհը հաւատայ Յիսուս Քրիստոսին (հմմտ Յովհ. 17,21) ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, նշելով թէ «մենք կը ծառայենք ոչ թէ արտաքին միութեան մը` միաձեւութեան, այլ հաղորդութեան Խորհուրդին, որ Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգւոյն մէջ Եկեղեցին է։ Եկեղեցին իբրեւ կենդանի Մարմին, իբրեւ պատմութեան մէջ ու միեւնոյն ատեն պատմութենէն անդին քալող ժողովուրդ։ Ժողովուրդ` որ կանչուած է աշխարհին մէջ վկայելու Քրիստոսը, որպէսզի Ան, որ ժողովուրդներու լոյս է, կարողանայ իրեն քաշել բոլորը, իր զատկական Խորհուրդին ողորմած եւ հեզ զօրութեամբ» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Եղբայրութեան երազը

Ան ապա ընդգծեց, թէ Աստուծոյ երազն է Քրիստոսի մէջ հաշտեցնել եւ ներդաշնակ պահել ամէն բան եւ բոլորը (Հմմտ. Եփես. 1,10; Կող,1,20) ու ասկէ մեկնելով մատնանշեց «Fratelli tutti» իր շրջաբերականին, որ նուիրուած է այդ եղբայրութեան «երազին»։

«Փակ աշխարհի մը ստուերներուն դիմաց, ուր միութեան շատ մը երազներ կը փշրուին, ուր պակասը կայ «բոլորի համար ծրագիրի մը», եւ ուր համաշխարհայնականացումը կը նաւարկէ առանց միասնական նպատակի մը, ուր համաճարակին փորձանքը կարող է սրացնել անհաւասարութիւնները, Սուրբ Հոգին մեզ կը կոչէ «Համարձակութիւնը ունենալ մէկ ըլլալու» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, յիշելով միութեան ի նպաստ գործող անցեալի բազմաթիւ սուրբեր ու նաեւ մերօրեայ վկաները` որոնք ունեցան «միութեան քաջութիւնը» իրենց կեանքի քնով վճարելով այդ վկայութեան սուղ գինը։

Բաց ուղեւորութիւն յարգելով բոլոր մարդիկը

«Յիսուս Քրիստոսին մեզի պարգեւած միութիւնը «միաձայնութիւն» չէ, ամէն գնով համաձայն ընթանալ չէ։ Ան կը հնազանդի հիմնական չափանիշի մը` որ մարդ անհատի յարգանքն է` յարգանքը ուրիշի դիմագիծին, մասնաւորապէս աղքատին, փոքրիկին ու բացառուածին յարգանքը» յիշեցուց Սրբազան Պապը, որ ի խօսքը աւարտելով եպիսկոպոսներուն յանձնարարեց` որ իրենց այդ ուղեւորութիւնը ըլլայ միշտ բաց, ոչ սահմանափակ, որպէսզի աճին հաղորդութեան ծառայութեան մէջ։

Քահանայապետը ուղղեց հուսկ վերջին հրաւէր մը. Շարունակեցէք ժպտալ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2021, 12:10