Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրեց յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութեան իրեն ընկերանալ աղօթքով

Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 12 սեպտեմբերի առաւօտեան պիտի մեկնի Պուտաբեշտ ապա պիտի այցլէ Սլովաքիան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ կիրակի պիտի մեկնիմ Պուտաբեշտ, Սուրբ Հաղորդութեան համաշխարհային Գիտաժողովին եզրափակումին առթիւ։ Իմ ուխտագնացութիւնս մի քանի օրուայ համար պիտի շարունակուի Սլովաքիայի մէջ ու պիտի աւարտի այս Երկրի պաշտպան Սրբուհի, Ցաւագին Տիրամօր ժողովրդական մեծ արարողութեամբ», այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երեքշաբթի 7 սեպտեմբերին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ կիրակի օր, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին արտասանած խօսքերէն, որուն առթիւ ան հաւատացեալներէն խնդրեց, որ իր այս առաքելական եւ հովուական ճամբորդութեան ընկերանան աղօթքով։

Արդարեւ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 12 սեպտեմբերի առաւօտեան պիտի մեկնի Պուտաբեշտ, ուր պիտի գլխաւորէ Սուրբ Հաղորդութեան 52րդ միջազգային գիտաժողովը, որ սկիզբ առաւ անցեալ կիրակի օր` 5 սեպտեմբերին։ Այս պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայապետութեան առաքելական 34 ճամբորդութիւնը, որով Սրբազան Պապը այցելած պիտի ըլլայ 54 երկիներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը։

Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Պուտաբեշտը այցելած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 1991 ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2021, 13:30