Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման համաշխարհային օր. Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման համաշխարհային օր. 

Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման համաշխարհային օր. Քահանայապետին թուիթը

Այսօր միասին աղօթենք բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կը տառապին եւ տխուր են,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Ամէն տարի սեպտեմբերի 10-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ), Ինքնասպանութիւններու կանխարգելման միջազգային ընկերակցութեան հետ համատեղ, կը նշէ Ինքնասպանութիւններու կանխարգելման համաշխարհային օրը (World Suicide Prevention Day), որուն նպատակն է խրախուսել և աջակցիլ ամբողջ աշխարհի մէջ ինքնասպանութիւններու կանխարգելմանն ուղղուած գործողութիւններուն:

Ինքնասպանութիւններու կանխարգիլման համաշխարհային օրուան առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ հրաւիրեց աղօթել բոլոր տխուր ու ցաւի մէջ գտնուող մարդոց համար։

«Այսօր միասին աղօթենք բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կը տառապին եւ տխուր են, որովհետեւ միայնակ են, որովհետեւ չեն գիտեր ի՞նչ ապագայ կը սպասէ զանոնք, որովհետեւ չեն կրնար յառաջ տանիլ ընտանիքը, որովհետեւ աշխատանք չունին...շատ մարդիկ կը տառապին այս իրականութիւններէն, աղօթենք անոնց համար» գրեց Սրբազան Պապը Քահանայապետական Թուիթըրի կայքին վրայ հրապարակած գրառումին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2021, 13:30