Որոնել

Քահանայապետը Նորընտիր Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին շնորհեց Եկեղեցական հաղորդութիւնը։

Հայ ժողովուրդը, «տառապելու մէջ» մասնագէտ Է, «այն բազմաթիւ փորձանքներուն համար որոնց ենթարկուեցաւ աւելի քան 1700 տարուայ քրիստոնէական պատմութեան ժամանակ, ու նաեւ անսպառ կարողութեան համար, վերածաղկելու եւ պտուղ տալու, իր սուրբերուն եւ նահատակներուն սրբութեան եւ իմաստութեան միջոցաւ, իր վարդապետներուն եւ մտաւորականներուն մշակոյթին միջոցաւ, իր արուեստի միջոցաւ, որ գիտէ ժայռին մէջ քանդակել խաչը` որպէս կեանքի ծառ, որ վկայութիւն է հաւատքի յաղթանակին, աշխարհի որեւէ հակառակ ուժին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 24 սեպտեմբեր 2021ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին ու անոր ընկերացող Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն։

Եկեղեցական Հաղորդութեան Վաւէրագիրը 

Ունկնդրութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը նորընտիր Պատրիարքին յանձնեց «Ecclesiastica Communio - Եկեղեցական Հաղորդութեան» վաւերագիրը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը յայտնէ թէ «ինք եւս կը միանայ Եկեղեցւոյ ուրախութեան` Պատրիարքի ընտրութեան համար» նշելով որ «Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի իւրաքանչիւր հայ կաթողիկէ զաւակ կը սպասէր իր Հովիւին, որպէսզի անկէ ճանչցուի, կոչուի իր անունով եւ առաջնորդուի Աւետարանի զօրեղ եւ հեզ խօսքով»։ 

Վաւերագիրին մէջ կը նշուի թէ Պատրիարքի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակի մը ընթացքին երբ մարդիկ կը գտնուին մարտահրաւէրներու դիմաց, յատուկէն Սուրիա եւ Լիբանանը, «ուր Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Եկեղեցին ներկայ է»։

Հայ ժողովուրդը «տառապելու մէջ» մասնագէտ

«Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը, մասնաւորապէս քրիստոնեաները կոչուած են մօտիկ ըլլալու եւ իրենք զիրենք յայտնելու որպէս եղբայրներ, յաղթահարելով տարբերութիւններն ու առանձնութիւնը։

Նոյնիսկ պատմութեան ջրհեղեղներու ներքոյ եւ մեր դարաշրջանի անապատներուն մէջ, կարող ենք եւ պէտք է քալենք դէպի Խաչեալը` որ Յարութիւն առաւ» գրուած է վերոնշեալ վաւերագրին մէջ, ուր Քահանայապետը կը հաստատէ թէ հայ ժողովուրդը ճանչցուած է իբրեւ «տառապելու մէջ մասնագէտ, այն բազմաթիւ փորձանքներուն համար որոնց ենթարկուեցաւ աւելի քան 1700 տարուայ քրիստոնէական պատմութեան ժամանակ, ու նաեւ անսպառ կարողութեան համար, վերածաղկելու  եւ պտուղ տալու, իր սուրբերուն եւ նահատակներուն սրբութեան եւ իմաստութեան միջոցաւ, իր վարդապետներուն եւ  մտաւորականներուն մշակոյթին միջոցաւ, իր արուեստի միջոցաւ, որ գիտէ ժայռին մէջ  քանդակել խաչը` որպէս կեանքի ծառ, որ վկայութիւն է հաւատքի յաղթանակին, աշխարհի որեւէ հակառակ ուժին վրայ»

Խնամք տանիլ նոր սերունդներուն

Քահանայապետը հուսկ նորընտիր Պատրիարքին յատուկէն կը յանձնարարէ խնամք տանիլ երիտասրադ սերունդին, կոչումներու խթանումին, ապա իմաստուն ներդաշնակութիւն որոնելու հասարակութեան տարբեր միաբանութիւններուն միջեւ, Անարատ Յղութեան Քոյրերու, Մխիթարեան միաբանութեան եւ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ այն զաւակներուն հետ, որոնք կազմաւորուեցան եւ կ՛ապրին Լատին Եկեղեցւոյ մէջ, սակայն լաւապէս գիտակից են իրենց հայկական պատկանելիութեան»։

Եղբայրութեան եւ համամիութենական երկխօսութեան ճանապարհ

Սրբազան Պապին ստորագրութիւնը կրող Վաւերագիրը կ՛եզրափակուի հայցելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի ու հայոց սուրբերուն բարեխօսութիւնը, «յատուկէն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին բարեխօսութիւնը, որ «ես ուրախութիւնը ունեցայ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու» կը գրէ Սրբազան Պապը, հայցելով որ «անոնք մասնաւորապէս ցոյց տան եղբայրութեան եւ համամիութենական երկխօսութեան ճանապարհը` հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեր եղբայրներուն հետ»։

Վաւերագիրի Աւարտին Սրբազան Պապը` «որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ, որ կոչուած է իր եղբայրները հաստատելու հաւատքին մէջ» կը շնորհէ «եկեղեցական հաղորդութիւնը»,  իր խաղաղութեան ողջագուրումի եւ առաքելական օրհնութեան հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2021, 12:30