«Համարձակութեամբ ընտրենք փոխուիլ` փրկելու համար մեր մոլորակը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Աղօթենք որպէսզի մենք բոլորս անհրաժեշտ որոշումներ առնենք աւելի սթափ եւ բնապահպանականօրէն կայուն կեանքի մը ի նպաստ, երիտասարդներու օրինակով, որոնք արդեն յանձնառու են այդ փոփոխութեան ուղղութեամբ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հարցականի տակ դնել մեր ապրելակերպը ու նեաւ թէ ինչպէս մենք կ՛օգտագործենք մոլորակի բարիքները ՝ պատասխանատուութեան, յարգանքի և սթափութեան վրայ հիմնուած բնապահպանութիւն և սոցիալական փոփոխութիւններ իրականացնելու համար»։ Կոչն է այս որ պարունակուած է Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ ուր Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ օրինակ առնելու երիտասարդներէն, որոնք բնապահպանութեան հարցով յառաջադէմ են։

Երիտասարդներու օրինակով

«Աղօթենք որպէսզի մենք բոլորս անհրաժեշտ որոշումներ առնենք աւելի սթափ եւ բնապահպանականօրէն կայուն կեանքի մը ի նպաստ, երիտասարդներու օրինակով, որոնք արդեն յանձնառու են այդ փոփոխութեան ուղղութեամբ» հրաւէր կ՛ուղղէ Սրբազան Քահանայապետը համայն եկեղեցւոյ, Սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան այսօր հրապարակուած լսատեսողական պատգամին միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս կ՜ընդգծէ թէ ընկերային եւ բնապահպանական հարցերը կ՛ընթանան համահունջ եւ ուրախութիւն կը յայտնէ ի տես երիտասարդներուն ցուցաբերած քաջութեան` վերոնշեալ երկու իրականութիւնները լաւացնելու միտումով ձեռնարկուած միջոցառումներուն համար։

խորհիլ մեր կեանքի ապրելաոճի մասին։

«Մենք չափահասներս կարող ենք շատ բան սորվիլ երիտասարդներէն, որովհետեւ այն բաներուն մէջ, որոնք մոլորակի հոգատարութեան կը հային, երիտասարդները կը մնան յառաջադէմ» կը հաստատէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, հրաւէր ուղղելով խորհրդածել յատկապէս ճգնաժամային պահերուն մասին -առողջապահական ճգնաժամ, ընկերային ճգնաժամ եւ բնապահպանական ճգնաժամ - խորհիլ մեր կեանքի ապրելաոճի մասին։

Համարձակ որոշումներ առնել։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը խնդրէ որ վերատեսենք մեր վարուելակերպը, երբ կը սնանինք, կը ճամբորդենք, կ՜օգտագործենք ջուրը, ուժանիւթը, կամ այլ նիւթեր ինչպէս «փլասթիքը» որ «յաճախ վնասարար է երկիրն համար», եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթքի եւ շօշափելի գործի` որ մղէ փոփոխութեան։

Քալենք երիտասարդներուն հետ` ընտրենք փոփոխութիւնը

«Ընտրենք փոխուիլ։ Քալենք երիտասարդներուն հետ միասին դէպի բնութիւնը յարգող ու աւելի պարզ ապրելաոճ մը։ Եւ Աղօթենք որպէսզի բոլորս առնենք արի որոշումները, անհրաժեշտ որոշումներ. աւելի սթափ եւ բնապահպանականօրէն աւելի կայուն կեանքի մը ի նպաստ» կը շեշտէ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ «նոր սերունդները իմաստուն կերպով յանձնառու են իրենց ապագային համար, փոխելու համար այն ինչ որ պիտի ժառանգեն մեզմէ, այն ատեն որ մենք այլեւս գոյութիւն պիտի չունենանք»։

Արարչագործութեան Ժամանակը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը մաս կը կազմէ Արարչագործութեան Ժամանակի համամիութենական Համաշխարհային օրուան տօնախմբութիւններուն, որոնք կը սկսին մէկ սեպտեմբերին` Արարչագործութեան խնամակալութեան Աղօթքի Միջազգային օրը, ու կ՛աւարտին 4 հոկտեմբերին` բնապահպանութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը։

Անտարբեր պէտք չմնալ

Քահանայապետական լսատեսողական պատգամին հետ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը հաստատուի թէ «համաշխարհային գետնի վրայ միշտ աւելիով ահազանգներ կը հնչեն փորձելու համար բարձրացնել մարդոց իրազեկութիւնը այն փաստի վերաբերեալ թէ բան մը պէտք է փոխել»։

«Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին խօսքերը մեզ անտարբեր չեն կարող թողուլ» կը հաստատէ այս առթիւ Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի տնօրէն Յիսուսեան միաբան Հայր Ֆետերիք Ֆորնոսը։ Ի տես բնապահպանական ճգնաժամին հրատապ է փոխել մեր կեանքին ոճը, որպէսզի ան դառնայ սթափ եւ զօրակից։ Պաշտպանելու համար մեր հասարակաց տունը` խօսքերը բաւարար չեն։

Վերադարձ պարզութեան, վերադարձ եղբայրութեան

«Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեզի կ՛առաջարկէ ուղեւորութիւն մը, վերադարձ պարզութեան, վերադարձ եղբայրութեան արարչութեան ու կարիքաւորներուն հետ» կը նշէ Հայր Ֆորնոսը։

Նշենք թէ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը ամէն ամիս կը հրապարակուի շնորհիւ Քահանայապետի Համաշխարհային աղօթքի ցանցին, որուն տնօրէնն է Յիսուսեան Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2021, 16:00