Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հունգարիոյ նախագահին ու Վարչապետին հետ։

«Հանդիպման ընթացքին քննարկուած նիւթերու շարքին եղան Երկրին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, բնապահպանութեան ի նպաստ յանձնառումը եւ Ընտանիքի խթանումն ու անոր պաշտպանութիւնը»

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի թէ Պուտաբեշտ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս «Սրբազան Պապը Գեղարուեստի Թանգարանէն ներս առանձնական հանդիպում ունեցաւ Հունգարիայի նախագահին, Վարչապետին ու փոխ վարչապետին հետ։ հանդիպումին «որ տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ» ներկայ էին նաեւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` Պետական Քարտուղար եւ Գերապայծառ Կալլակէրը` Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը։

«Հանդիպման ընթացքին քննարկուած նիւթերու շարքին եղան Երկրին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, բնապահպանութեան ի նպաստ յանձնառումը եւ Ընտանիքի խթանումն ու անոր պաշտպանութիւնը» նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2021, 10:43