Որոնել

«Եղբայր ժողովուրդներ, ապագայ երկիր. Կրօններ եւ Մշակոյթներ Երկխօսութեան մէջ» «Եղբայր ժողովուրդներ, ապագայ երկիր. Կրօններ եւ Մշակոյթներ Երկխօսութեան մէջ»  

Քահանայապետը պիտի մասնակցի Քոլլոսէումի խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումի եզրափակման հանդիսութեան։

«Եղբայր ժողովուրդներ, ապագայ երկիր. Կրօններ եւ Մշակոյթներ Երկխօսութեան մէջ» ձեռնարկը նախատեսուած է յառաջիկայ 6 եւ 7 հոկտեմբերին եւ պիտի համախմբէ աշխարհի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչներըը, Covid-19 համաճարակի պատճառով յառաջացած առողջապահական ճգնաժամէն մէկ տարի ետք ու նաեւ երբ տակաւին աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ կը գերակշռեն հակամարտութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ եօթը հոկտեմբերի յետմիջօրէին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եղբայր ժողովուրդներ, ապագայ երկիր. Կրօններ եւ Մշակոյթներ Երկխօսութեան մէջ» բնաբանով խաղաղութեան համար աղօթքիմիջազգային հանդիպումի եզրափակման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի աշխարհածանօթ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին վրայ։ Լուրը կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։

Վերոնշեալ ձեռնարկի ներկայացումը տեղի ունեցաւ այսօր։ Ան մաս կը կազմէ «Ասսիզիի հոգիին», որ սկիզբ առած է Ասսիզիի սրբավայրին մէջ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կամքով, 1986 ին կայացած խաղաղութեան ի սպաս միջկրօնական հանդիպումին առթիւ եւ որուն ղեկը այժմ կը գտնուի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ձեռքերուն մէջ։

«Եղբայր ժողովուրդներ, ապագայ երկիր. Կրօններ եւ Մշակոյթներ Երկխօսութեան մէջ» ձեռնարկը նախատեսուած է յառաջիկայ 6 եւ 7 հոկտեմբերին եւ պիտի համախմբէ աշխարհի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչներըը, Covid-19 համաճարակի պատճառով յառաջացած առողջապահական ճգնաժամէն մէկ տարի ետք ու նաեւ երբ տակաւին աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ կը գերակշռեն հակամարտութիւնները։

Ձեռնարկը կը նախատեսէ չորս «ֆորում» ներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Հռոմի «Eur» թաղամասի «Nuvola» համալիրին մէջ, տարբեր ցամաքամասերէ ժամանած կրօնական, մշակութային ու քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախագահը Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ ուրախութիւն արտայայտեց Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեան համար, հաստատելով, որ այս խաղաղութեան համար աղօթքի նոր հանդիպումը կ՛ուզէ շարունակել Ֆրանչիսկոս Պապին 2020ի 27 մարտին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ աղերսական աղօթքին առթիւ ցոյց տուած ճանապարհը, թէ «ոչ մէկը կը փրկուի առանձին»։ Ան կ՛ուզէ նաեւ ըլլալ ուղեգիծ մը` որ ցոյց կու տայ ինչպէս աշխատիլ աշխարհի մը ի նպաստ, որ յարգէ բնութինը եւ պատրաստէ մեր զաւակներուն եւ թոռներուն աւելի լաւ ապագայ մը» ըսած է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2021, 13:00