Որոնել

Ծերութիւնը հիւանդութիւն չէ այլ առանձնաշնորհում: Ծերութիւնը հիւանդութիւն չէ այլ առանձնաշնորհում: 

Քահանայապետը տարեցներուն. Ծերութիւնը հիւանդութիւն չէ այլ առանձնաշնորհում:

Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց Տարեց քահանաներու «Լոմպարտիա Թեմի եպիսկոպոսներուն հետ եղբայրութեան օրուան» առիթով: Դուք գրեց Սրբազան Պապը աջակցութեան առարկայ չէք այլ հասարակութեան գործունեայ դերակատարներ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար ծերութիւնը հիւանդութիւն չէ այլ առանձնաշնորհեալ ժամանակ, եւ տարեցը դերակատար է ու ոչ թէ անտեսուելու սահմանուած անձ մը։ Նորին Սրբութիւնը իր այս գաղափարը կը յայտնէ Լոմպարտիա Թեմին տարեց քահանաներուն ուղղած նամակի մը մէջ անոնց Լոմպարտիա Թեմի եպիսկոպոսներուն հետ «եղբայրութեան օրուան» առիթով:

Ծերութեան եղանակը

«Դուք այսօր կ՜ապրիք նոր եղանակ մը, ծերութեան եղանակը, որ հիւանդութիւն չէ այլ առանձնաշնորհում է», առանձնաշնորհում «նմանելու տառապեալ Յիսուսին» ու խաչը կրելու անոր նման» կը գրէ Սրբազան Պապը նամակին մէջ ապա կը հաստատէ թէ տարեց քահանաները ունին երազներ որոնք լի են յիշատակութիւններով եւ ասիկա շատ կարեւոր է նոր սերունդներուն համար։

Աւիշ քրիստոնէական կեանքին մէջ ծաղկելու համար

«Ձեզմէ կը բխի աւիշը քրիստոնէական կեանքին ու ծառայութեան մէջ ծաղկելու համար» կը հաստատէ Քահանայապետը նամակին աւարտին ապա ինչպէս միշտ կը դիմէ անոնց աղօթքներուն «աղօթեցէք ինծի համար որ քիչ մը ծերացած եմ եւ քիչ մը հիւանդ, սակայն ոչ ալ այնչափ հիւանդ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով նամակը։

Եղբայրութեան Օրը

Միլանի Թեմին եղբայրութեան օրը տեղի ունեցաւ Լոմպարտիա շրջանի եպիսկոպոսներու հերթական հաւաքին առթիւ որուն ընթացքին յատուկ յիշատակութիւն եւ աղօթք կատարուեցաւ Լոմպարտիա շրջանի Քովիտ19 համաճարակի զոհ քահանաներուն համար։ Իտալիոյ մէջ կլորաձեւ ժահրէն մահացած քահանաներու թիւը 300ի մօտ էր, անոնցմէ 92ը Լոմպարտիա շրջանէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2021, 08:00