Սուրբ հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումար Սուրբ հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումար 

«Քահանայապետի Պուտափեշտի մէջ ներկայութիւնը նշան համաճարակէն ետք վերածնունդի». Կարդինալ Էրտօ

Նշենք թէ Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը որ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 17ին Պուտաբեշտի Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

5էն 12 սեպտեմբեր Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբեշտը պիտի հիւրընկալէ Սուրբ Հաղորդութեան 52րդ միջազգային գիտաժողովը, որուն փակումը պիտի կատարէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Պուտաբեշտ գլխաւորելու համար եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, հուսկ առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի փոխադրուի Սլովաքիա։

Հունգարիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Կարդինալ Փիթըր Էրտօ «Վատիկան Նիուզի» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ներկայացնելով վերոնշեալ եկեղեցական հաւաքին օրակարգը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, զայն որակեց «առիթ` աղօթելու Եկեղեցւոյ միութեան համար»։

Գիտաժողովին օրակարգը

Պատարագներ, աղօթքներ, վկայութիւններ, հանդիպումներ, բանախօսութիւններ, Պատրիարքներու ու քոյր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու ելոյթներ ու նաեւ երաժշտական պահեր մաս կը կազմեն Հունգարիոյ մէջ 5 սեպտեմբերին սկիզբ առնող եւ 12 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ աւարտող Սուրբ Հաղորդութեան 52րդ միջազգային գիտաժողովի օրակարգին։

«Սրբազան Պապին ներկայութիւնը պիտի ըլլայ յոյսի մեծ նշան մը, մէկ ու կէս տարուայ համաճարակէն ետք» ըսաւ Կարդինալ Էրտօ Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին արտայայտելով համայն հունգարական եկեղեցւոյ զգացումները։

Քահանայապետին պատարագը

«Քու մէջդ են իմ բոլոր ակնաղբիւրներս» բնաբանով վերոնշեալ գիտաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ յիշեցնելու Եւրոպայի Քրիստոնէական արմատները ու Արեւելքի ու Արեւմուտքի եկեղեցիներուն հինաւուրց միութիւնը» նշեց միշտ Կարդինալ Էրտօ, որ ակնարկելով Քահանայապետին մատուցանելիք սուրբ պատարագին ըսաւ թէ ան «կը հանդիսանայ «Statio Orbis» պատարագ, այսինքն այն սուրբ զոհը որ խորհրդանշական կերպով կը համախմբէ, կը միացնէ Քրիստոսի համայն եկեղեցին ու կ՛արտայայտէ այդ միութիւնը»։

300 մասնակիցներ

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 300 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին է նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը` Բարթողոմէոս Ա որ 2000 թուականին օրթոտոքս եկեղեցւոյ համար եւս Սուրբ հռչակած էր Հունգարիոյ առաջին թագաւորը` Սուրբ Ստեփանոսը, որ եղած է նաեւ ազգին քարոզիչն ու առաջին առաքեալը։

«Մտաբերելով ուստի մեր միասնական արմատները այսինքն երբ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնէութիւնը միացած էր, գիտաժողովը առիթ է նաեւ աղօթելու համայն եկեղեցւոյ միութեան համար» յայտնեց Հունգարիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Կարդինալ Փիթըր Էրտոն։

Հայածէս Սուրբ Պատարագ

Նշենք թէ վերոնշեալ գիտաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը որ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 17ին Պուտաբեշտի Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2021, 09:57