Միասին աղօթենք եւ գործենք ի նպաստ մեր հասարակաց տան. Ֆրանչիսկոս Պապը:

Այսօր սկիզբ առաւ Արարչագործութեան Ժամանակը, որ պիտի աւարտի յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը եւ որուն այս տարուայ բնաբանն է «Բոլորի համար տու՞ն մը։ Վերանորոգել Աստուծոյ «Օյքոսը» (տուն, ընտանիք)»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կը տօնախմբենք Արարչագործութեան խնամատարութեան համար աղօթքի միջազգային օրը եւ արարչագործութեան Ժամանակի սկիզբը, որ պիտի աւարտի յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը։ Այս տարուայ անոր բնաբանն է «Բոլորի համար տու՞ն մը։ Վերանորոգել Աստուծոյ «Օյքոսը» (տուն, ընտանիք)»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մէկ սեպտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին յիշեց այսօր յիշատակուող Արարչագործութեան խնամքին նուիրուած աղօթքի միջազգային օրը նշելով նաեւ թէ ինք Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի եւ Քանթըրպուրրիի առաջնորդ` Արք, Ժասթին Ուելպիի հետ միասին պատրաստած է պատգամ մը, որ ի լոյս պիտի ընծայուի յառաջիկայ օրերուն։

«Այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին աղօթենք եւ գործենք ի նպաստ մեր հասարակաց տան, այս մոլորակային ճգնաժամի ծանր  ժամանակներուն» հրաւէր ուղղեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2021, 10:30