Քահանայապետը աւարտեց Պուտաբեշտի այցելութիւնը եւ ուղղուեցաւ Սլովաքիա

Ճամբորդութեան երկրորդ հագրուանը

Վատիկան Նիուզ

Կիրակի 12 սեպտեմբերի կէսօրին Պուտաբեշտի Հերոսներու հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ Հաղորդութեան 52րդ համագումարը եզրափակող սուրբ զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Պուտաբեշտի միջազգային օդակայան որտեղ Հունգարիայի այս կարճ այցին հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնէն ետք բարձրացաւ օդանաւ փոխադրուելու համար ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող` Սլովաքիայի մայրաքաղաք Պրաթիզլաւ ուր Քահանայապետին օդանաւը ժամանեց յիսուն վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք։

Քահանայապետին մեկնումը Պուտաբեշտէն

Պրաթիզլաւի մէջ համամիութենական հանդիպում

Հազիւ Պրաթիզլաւ ժամանած Սրբազան Քահանայապետը Պապական Նուիրակութիւն փոխադրուելով  պիտի գլխաւորէ համամիութենական բնոյթ ունեցող հանդիպումին որուն պիտի մասնակցին տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Աւարտին Սրբազան Պապը հանդիպում կ՜ունենայ Սլովաքիայի մէջ ծառայող Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն հետ։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2021, 15:00