Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց  «Arché» հիմնադրամի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Arché» հիմնադրամի անդամները 

Բաժնեկցութիւնը կը բանայ ազատութեան, վերածնունդի եւ արժանապատուութեան ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը «Arché» հիմնադրամի անդամներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 2 սեպտեմբեր 2021ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը յաջորդաբար ընդունելէ ետք Գերմանիոյ Սուրբ Աթոռին մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպանը Տիար Պերնարտ Քոթչ, Ուկանտայի մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Լուիճի Պիանքօ, Ուկրանիոյ մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Վիսվալտաս Քուլպոքասը եւ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովին քարտուղարը գերապայծառ Անճելօ Վինչենցօ Զանին, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական «Arché» հիմնադրամի անդամներուն։

«Arché» հիմնադրամը աջակցող ծառայութիւններով կ՛ուղեկցի անապահով երեխաներուն և ընտանիքներուն ընկերային, բնակարանային և աշխատանքային ինքնավարութեան կառուցման գործին մէջ։ Հիմնադրուած է 1991ին Հայր Ճուզեփփէ Պեթոնիի ջանքերով նպատակ ունենալով աջակցիլ եւ հիւրընկալել դժուարութեան մէջ ապրող մայրերն ու երախաները։

Սկիզբը կայ Սէրը, Աստուծոյ սէրը

Անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ “Arché” բառին վրայ նշելով, որ ան յղում է ծագումին, սկիզբին, ու «մենք, ըսաւ Ան, գիտենք թէ սկիզբը կայ Սէրը, Աստուծոյ սէրը»։

«Կեանքին մէջ ամէն բան այնտեղէն կու գայ` Աստուծմէ, որ սէր է, նման մայրական սրտին ու արգանդին, որմէ կու գայ մարդկային կեանքը, այնպէս ինչպէս Մօր մը արգանդէն ու սրտէն եկաւ նաեւ Յիսուսը, որ մարմին եղած Սէր է», հաստատեց Սրբազան Պապը, մատնանշելով` որ այս տրամաբանութեան հետեւելով կարելի է ըսել որ սկիզբը կան դիմագիծեր ու «ձեզի համար անոնք ձեր ընկալած մայրերուն ու մանուկներուն դէմքերն են, զոր դուք ազատեցիք բռնութեան ու չարաշահումի կապանքներէն, որոնց շարքին են նաեւ գաղթական կիներ, որոնք իրենց մարմնին վրայ կը կրեն ողբերգական փորձառութիւններ», յարեց Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ անոնց ընկալող հասարակութիւնները «յոյսի նշան են» բոլորին համար։

Աստուծոյ ոճը` մօտիկութիւն, քնքշութիւն գթասրտութիւն է

«Մօր ու զաւկին նկարը քրիստոնեաներուս համար խօսուն խճանկար է, եւ ան ձեզի համար միայն պատկեր մը չեղաւ, այլ զայն վերածեցիք շօշափելի փորձառութեան, եւ այս մէկը հարցերուն, դժուարութիւններուն ու յոգնութիւններուն հետ միասին կը նշանակէ նաեւ ուրախութիւն, տեսնելով որ բաժնեկցութիւնը կը բանայ ազատութեան, վերածնունդի եւ արժանապատուութեան ճանապարհը», ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, որ ճառին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ իր օրհնութիւնները շնորհեց` մատնանշելով նաեւ այս օրերուն Հռոմի մէջ բացուող «ԱՐՔԷ»ի նոր կեդրոնին ու այս առընչութեամբ մաղթելով, որ «ան ըլլայ վայր ուր կ՜ապրուի Աստուծոյ ոճը` որ է մօտիկութիւն, քնքշութիւն գթասրտութիւն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հայցելով որ Սուրբ Հոգին անոնց մէջ վերանորոգէ Աւետարանի Ուրախութիւնը ու Տիրամայրը պահապան կանգնի անոնց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2021, 12:00