Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պատարագը Փրեշովի մէջ. «Խաչը կը պահանջէ թափանցիկ վկայութիւն»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սլովաքիայի առաքելական այցելութեան երրորդ օրը կը նախատեսէ այցելութիւններ Քոշիչէ եւ Փրեշով քաղաքներուն, Սուրբ Պատարագ, Սլովաքիայի «Գնչու» հասարակութեան հետ հանդիպում, հուսկ երիտասարդներու հաւաքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 14 սեպտեմբերին, Սուրբ Խաչի վերացման տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան կանուխ օդանաւով փոխադրուեցաւ Քոշիչէ եւ այնտեղէն ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Փրեշով ուր քաղաքի մարզասրահէն ներս նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանի Բիւզանդական ծէսով Սուրբ Պատարագին։

Քոշիչէի աւագ թեմը

Քոշիչէն համարուած է Սլովաքիայի երկրորդ ամենամեծ քաղաքը իր 238 հազար բնակչութեամբ մինչ Քոշիչէի աւագ թեմը, որ կ՜ընդգրկէ այլ քաղաքներ, կը հաշուէ մէկ միլիոն 156 հազար բնակիչ, որոնց յիսուն առ հարիւրը կաթողիկէ են։ Այնտեղ կը գործեն 122 ժողովրդապետութիւններ եւ 7 եկեղեցիներ մինչ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 404 թեմական քահանաներ եւ 87 այլ կղերականներ։ Քոշիչէի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ Բիւզանդական ծէսի պատկան կաթողիկէներու առաջնորդութիւնը, որուն աթոռը կը գտնուի Փրեշով քաղաքին մէջ, եւ կը հաշուէ 73 հազար 487 հաւատացեալ։ Առաջնորդութեան մաս կը կազմեն 95 ժողովրդապետութիւններ եւ մէկ եկեղեցի, ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 175 կուսակրօն քահանաներ։ Թեմին եպիսկոպոսն է Գերապայծառ Քիրիլ Վասիլը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի երբեմնի քարտուղարը։

Փրեշովի մէջ սուրբ պատարագը

Փրեշովի մարզասրահին մէջ նախագահած սուրբ պատարագի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը յաւուր պատշաճի քարոզը կեդրոնացուց Խաչին տօնին վրայ ու յատկապէս խաչի նշանակութեան վրայ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, որոնք քաղուած էին Սուրբ Պօղոս առաքեալի կորընթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն եւ Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանի 19րդ գլուխէն։

Սուրբ Յովհաննէսը վկայ խաչին

«Սուրբ Յովհաննէս որ տեսաւ եւ վկայեց խաչի մասին» որովհետեւ «ան հոն էր խաչին տակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Աշխարհին աչքերուն` խաչը ձախողութիւն է։ Վտանգը կայ, որ մենք ալ կանգ առնենք այդ առաջին մակերեսային հայեացքին դիմաց եւ չընդունինք խաչին տրամաբանութիւնը։ Չընդունինք, որ Աստուած մեզ կ՛ազատէ թոյլ տալով որ իր վրայ ներխուժէ աշխարհին չարիքը։ Չընդունինք տկար ու խաչուած Աստուածը եւ երազենք աստուած մը` զօրեղ ու յաղթական» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ առանց խաչի քրիստոնեայ մը անպտուղ ու աշխարհիկ է եւ մատնանշեց թէ ինչպէս Սուրբ Յովհաննէսը խաչին մէջ տեսաւ Աստուծոյ ծրագիրը։

Խաչին ճանապարհը

«Ան խաչեալ Քրիստոսին մէջ ճանչցաւ Աստուծոյ փառքը` այն Աստուածը որ յօժարակամ կը զոհուի իւրաքանչիւր մարդու համար ընտրելով ամենադժուար ճանապարհը. Խաչին ճանապարհը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով, թէ Ան այս մէկը ըրաւ «որպէսզի աշխարհի երեսին վրայ չգտնուի ոչ մէկ մարդ որ կարելիութիւնը չունենայ անոր հանդիպելու, նոյնիսկ այնտեղ խաւարի, առանձնութեան, անձկութեան, թշուառութեան գայթակղութեան ու սխալներուն մէջ։»

Խաչը նման է գիրքի մը զոր պէտք է կարդալ

Խաչը նմանեցնելով գիրքի մը` զոր պէտք է ճանչնալ, բանալ ու կարդալ Սրբազան Պապը նշեց թէ «եթէ կանգ չառնենք խաչին դիմաց, չի նայինք անոր, մեր սիրտը չի բանանք անոր առջեւ ու թոյլ չտանք հմայուիլ մեզի համար բացուած վէրքերուն դիմաց, չի յուզուինք եւ չ՛արտասուինք մեզի համար սիրով վիրաւորուած Աստուծոյն առջեւ, խաչը կը մնայ չկարդացուած գիրք մը, որուն տիտղոսը ու հեղինակը յայտնի են, սակայն կեանքին վրայ ազդեցութիւն չունի»։

«Խաչը չի վերածենք լոկ ջերմեռանդութեան առարկայի, ոչ ալ քաղաքական խորհրդանիշի եւ ոչ իսկ ընկերային կամ կրօնական իմաստի» յարեց ապա Սրբազան Պապը առաջարկելով երկրորդ քայլ մը. Վկայութիւնը։

Վկայութիւնը

«Եթէ մեր հայեացքը մխրճենք Յիսուսին մէջ անոր դէմքը կը սկսի արտացոլալ մեր դէմքին մէջ եւ անոր սէրը մեզ կը գրաւէ եւ կը փոխակերպէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մտաբերելով նահատակները` որոնք Սլովաքիայի մէջ շատ դժուար ժամանակներու ընթացքին վկայեցին Քրիստոսին սէրը եւ ակնարկեց մերօրեայ վկաներուն ու հաստատեց` որ «Խաչը կը պահանջէ թափանցիկ վկայութիւն»։

Խաչի վկային համար չկան թշնամիներ այլ եղբայրներ

«Խաչը բարձրացնելիք դրօշ մը չէ, այլ կեանքի ապրելակերպ է, որ է Աւետարանի երանութիւններուն ապրելակերպը։ Վկան, որ իր սրտին մէջ կը կրէ խաչը ոչ մէկը կը դիտէ որպէս թշնամի այլ որպէս եղբայր եւ քոյր, որոնց համար Յիսուս իր կեանքը զոհեց»։

Ներկայացնելով ապա Խաչի վկային յատկութիւնները, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ «ան կը ձգտի Վարդապետի ռազմավարութեան որ է «խոնարհ սիրոյ ռազմավարութիւնը»։

Հաւատքը կը փոխանցուի վկայութեամբ

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Սլովաքիայի մարտիրոս սուրբերուն ու նահատակներուն, անոնց` որոնք փոխանցեցին հաւատքը ու իրենց կեանքը նուիրեցին սիրելով մինչեւ վերջ, առօրեայի հերոսները, որոնք կը փոխեն պատմութեան ընթացքը ու հաստատեց թէ «Հաւատքը չի փոխանցուիր աշխարհի զօրութեամբ, այլ խաչի իմաստութեամբ, ոչ թէ կառոյցներով այլ վկայութեամբ» եւ վերյիշելով Յիսուսին Խաչելութեան պահը, երբ անոր Մայրը Յովհաննէսի հետ միասին կը գտնուէր այդ խաչի ոտքին Քահանայապետը հրաւիրեց հայցել «Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի ընդունինք շնորհքը ` հայեացքը սեւեռելու Խաչեալին վրայ, որպէսզի մեր հաւատքը ծաղկի լիութեամբ ու մեր վկայութեան պտուղները հասուննան» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։

Օրուան միւս հանդիպումները

Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը այցելեց եւ կէսօրուայ ճաշի հիւրը հանդիսացաւ Քոշիչէի Սուրբ Քարլօ Պորրոմէոյի աւագ նորընծայարանին իսկ կէսօրէն ետք Ան  կը փոխադրուի Քոշիչէի Լունյիք IX շրջան ուր Հանդիպում կ՛ունենայ «Ռոմ- Գնչու» հասարակութեան հետ, հուսկ ժամը 5 ին Քոշիչէի մարզադաշտէն ներս կը հանդիպի Սլովաքիայի երիտասարդներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Հանդիպման աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Պրաթիզլաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2021, 11:10