Հրապարակային ունկդնրութիւն Հրապարակային ունկդնրութիւն

«Կանչուած ենք կառուցելու միշտ աւելի ընդգրկուն աշխարհ մը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Քահանայապետը կոչ ուղղեց գաղթականներու համաշխարհային օրուան առթիւ, յիշեց Լա Փալմա կղզիի հրաբուխի թիրախ բնակիչները ու Պոլոնիա քաղաքին մէջ Երանելի Հռչակուած Հայր Ճովաննի Ֆորնազինին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 սեպտեմբեր 2021ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի գաղթականներու եւ ապաստանեալներու համաշխարհային օրը, որուն այս տարուան բնաբանն է «Դէպի միշտ աւելի մեծ մենք մը»։

Միասին քալել առանց վախի

«Հարկաւոր է քալել միասին, առանց նախապաշարումներու եւ առանց վախի, մենք մեզ դնելով աւելիով խոցելիներուն կողքին. Գաղթականներ, ապաստանեալներ, տեղահաններ, մարդավաճառութեան զոհեր եւ լքուածներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով նաեւ, որ «կոչուած ենք կառուցելու միշտ աւելի ընդգրկուն աշխարհ մը, որ չի բացառեր ոչ մէկը»։

Սրբազան Պապը հուսկ յայտնեց` թէ կը միանայ բոլոր անոնց, որոնք աշխարհին մէջ կը յիշատակեն այս օրը ու ողջունեց հրապարակ ժամանած զանազան ցեղային հասարակութիւններու անդամները։

Հրաւէր այցելելու գաղթականներուն նուիրուած կոթողը

«Շնորհակալութիւն բոլորիդ ձեր վեհանձն յանձնառութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն, նախ քան հրապարակէն հեռանալը, այցելելու հրապարակի վրայ զետեղուած գաղթականներուն նուիրուած կոթողը «գաղթականներ փոխադրող նաւը», ու այնտեղ կանգ առնելու եւ դիտելու այդ մարդոց հայեացքները ու այդ հայեացքին մէջ տեսնելու յոյսը, որ ունի իւրաքանչիւր գաղթական, վերսկսելու  համար կեանքը։

Լա Փալմա կղզիին հրաբուխը

«Գացէք այնտեղ, այցելեցէք կոթողը. Մեր դռները չի փակենք անոնց յոյսին դիմաց» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն արտայայտեց Լա Փալմա կղզիի հրաբուխին թիրախ բնակչութեան, յատուկէն անոնց` որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց բնակարանները ու խնդրեց անոնց համար հայցել «Nuestra Señora de las Nieves» Տիրամօր բարեխօսութիւնը։

Երանելի Հ. Ճովաննի Ֆորնազինի

Սրբազան Պապը յիշեց ապա երէկ Պոլոնիայի մէջ Երանելի հռչակուած Հայր Ճովաննի Ֆորնազինին, «Քահանայ եւ նահատակ», որ իր հօտէն չի հեռացաւ ու պաշտպանեց զայն մինչեւ իր կեանքի զոհաբերումը, համաշխարհային Բ պատերազմի օրերուն։ Անոր հերոսական օրինակը մեզ օգնէ դիմագրաւելու համար կեանքին փորձանքները» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ծափողջոյնով ընկալել երանացման լուրը։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2021, 12:56