Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 2000ի Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 2000ի Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին 

Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովներն ու քահանայապետերը` մեծ սիրոյ հակիրճ պատմութիւն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի ըլլայ երրորդ Քահանայապետը որ ժամանակակից դարաշրջանի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային գիտաժողովmը։ Անորմէ առաջ Պօղոս Զ երկու անգամ գլխաւորած էր գիտաժողովները Հնդկաստանի եւ Քոլոմպիյայի մէջ։

Պենետեթթա Քափփելլի - Վատիկան Նիուզ

«Սուրբ Հաղորդութենէն ծնունդ կ՛առնէ նոր կեանք մը` որովհետեւ ան սրտերը կը փոխէ». Այս մէկը յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամի մը մէջ, զոր ան ուղղած է Ֆիլիփինեանն կղզեխումբի Չեպու քաղաքին մէջ 2016 ին կայացած Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին եզրափակման առթիւ։ Ան շեշտած էր, որ տապանակին մէջ չի կարելի կորսնցնել յոյսը, որովհետեւ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը փոխակերպէ մարդիկը ու զանոնք կը դարձնէ նոր մարդիկ։

Չեպուէն ետք Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովը այս տարի կազմակերպուեցաւ Պուտաբեշտի մէջ, թէեւ մէկ տարուայ ուշացումով, համաճարակի տագնապին պատճառաւ եւ այս գիտաժողովին առիթով է որ Սրբազան Քահանայապետը կը պատրաստուի մեկնիլ Հունգարիա գլխաւորելու համար անոր եզրափակիչ Սուրբ պատարագը։

“Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովները ծնունդ առած են Ֆրանսայի մէջ ԺԹ դարուն. Անոնց պատմութիւնը միահիւսուած է աշխարհի մէջ տեղի ունեցող յեղաշրջումներուն հետ։”

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը հաստատած է` թէ Սուրբ Հաղորդութիւնը համայն Եկեղեցւոյ պաշտամունքն է, որ կը պահանջէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի անձնական յանձնառումը «ձգտելու սրբութեան», ապաշխարելու ու մեր մեղքերուն համար ներում խնդրելու ու նաեւ ներելու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ «Ան մեզ կը բոլորս իրար կը միացնէ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ ու այդ նոյն Հոգին է որ մեզ կը մղէ փրկութեան բարի աւետիսը տանելու ուրիշներուն» ըսած էր Վաստակաւոր Քահանայապետը։

«Քու մէջդ են իմ բոլոր ակնաղբիւրներս»

«Քու մէջդ են իմ բոլոր ակնաղբիւրներս» բնաբանով Պուտաբեշտ քաղաքին մէջ կայացած 52րդ միջազգային գիտաժողովը երկրորդն է որ կը կատարուի Հունգարիոյ մէջ։ Առաջինը տեղի ունեցած է 1938 թուականին, որուն Պիոս ԺԱ քահանայապետի անունով եւ որպէս Քահանայապետական պատուիրակ մասնակցած էր Կարդինալ Փաչելլին, որ յետագային դարձաւ Պիոս ԺԲ քահանայապետը։

1938ի գիտաժողովը Պուտաբեշտի մէջ
1938ի գիտաժողովը Պուտաբեշտի մէջ

Ֆրանսայի մէջ վարուած կայծը

Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած գիտաժողովներու ծագումը, ինչպէս նշեցինք, սկիզբ առած է Ֆրանսայի մէջ` Լիլ քաղաքի մէջ, ուր 1881ին կայացաւ Սուրբ Հաղորդութեան առաջին համագումարը, որուն բնաբանն էր «Սուրբ Հաղորդութիւնը կը փոխէ աշխարհը»։ Անոր հետեւանքով Ֆրանսայի մէջ ծաղկած ու ծաւալած Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքին ի տես 1875ին սկիզբ կը տրուի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային գիտաժողովներու շարժումին, որուն ոգեւորիչը եղած է աշխարհական` Émilie-Marie Tamisier էն Գերապայծառ Gaston de Ségurի քաջալերանքով։ Կ՛որոշուի մնայուն բնոյթ մը տալ գիտաժողովներուն ու յաջորդ տարիներուն ան կը դառնայ տարեկան գիտաժողով։

Միջազգային բնոյթը

Փարիզի մէջ 1888ին կայացած գիտաժողովէն ետք ան կը սկսի միջազգային բնոյթ ունենալ եւ Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի խնդրանքով` 1893ին Գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ Երուսաղէմի մէջ։

ԺԹ դարու Սուրբ Հաղորդութեան վերջին գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ Լուրտի մէջ 1899 թուականին։

Քահանայապետի  մը առաջին մասնակցութիւնը

1905ին առաջին անգամն ըլլալով գիտաժողովը կը կազմակերպուի Հռոմի մէջ որուն առաջին անգամուան համար կը նախագահէ նոյնինքն Սրբազան Պապը` Պիոս Ժ Քահանայապետը, անոր տալով նոր սլացք։

Տապանակին առջեւ անոր աղօթքը մեծ յուզմունք կը յառաջացնէ. «Մենք պէտք է ջանք դափենք, որքան ալ որ թոյլատրելի է մեր աղքատութեան ու թշուառութեան, Յիսուս Քրիստոսին ցոյց տալու մեր երախտապարտութիւնը, մեր շնորհակալութիւնը։ Այդ պահուն երկինքը պիտի բացուի մեր գլուխներուն վրայ ու պիտի իջնեն աստուածային շնորհքն ու ողորմութիւնը, խաղաղութիւնը, սէրը ու տիեզերական բարիքը» ըսած էր Պիոս Ժ Քահանայապետը։

1910ին Լոնտոնի մէջ տօնախմբուած գիտաժողովէն ետք ան կը կատարուի Քանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ։

Համաշխարհային Ա պատերազմը

1914ին համաշխարհային Բ պատերազմի բռնկումէն ետք Գիտաժողովներ կը վերսկսին կազմակերպուիլ միայն 1922ին, Պիոս ԺԱ քահանայապետի օրով ու անոնք տեղի կը սկսին ունենալ երկու տարին անգամ մը մինչեւ համաշխարհային Բ պատերազմին սկիզբը։ Անոնք կը կազմակերպուին զանազան քաղաքներու մէջ մինչեւ իսկ Ափրիկէի Կարթագէն քաղաքին մէջ 1930 թուականին։

1938ին Պուտաբեշտը վայրը կը դառնայ Բ համաշխարհային պատերազմէն առաջ տեղի ունեցած Սուրբ Հաղորդութեան վերջին միջազգային գիտաժողովին։

«Statio Orbis» ծիսակատարութիւնը

Անիկա երկար տարիներու դադարէ մը ետք դարձեալ կը վերսկսի 1952ին Պարսելոնայի մէջ այս անգամ չորս տարին անգամ մը հերթականութեամբ, որուն առթիւ սկիզբ կը տրուի ու կ՛ամրապնդուի նաեւ «Statio Urbis» ծիսակատարութիւնը այսինքն երբ Քահանայապետն ու հաւատացեալները իրարու հետ կը համախմբուէին աղօթելու որոշ առիթով։ Այս մէկը ժամանի ընթացքին կը դառնայ «Statio Orbis», աղօթքի հանգրուան, ուր տեղական եկեղեցիները Քահանայապետի հետ հաղորդութեան մէջ կը միանան Սուրբ Հաղորդութեան շուրջ- միասին արտայայտելու ու խորացնելու իրենց հաւատքը։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովները կը մղէ միշտ աւելիով բացուելու յոյսի ու մարդկութեան կարիքներուն։

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքը կ՛ընտրէ որպէս 38րդ գիտաժողովին վայր։ Անոր կը մասնակցի Պօղոս Զ Պապը։

Սուրբ Հաղորդութիւնը
Սուրբ Հաղորդութիւնը

Վերջին գիտաժողովները

Յոբելենական տարի` 2000էն սկսեալ կատարուած 8 միջազգային գիտաժողովները կայացան տարբեր քաղաքներու մէջ որոնցմէ առաջինը եղաւ Հռոմը` ի ներկայութեան Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին, բնաբան ունենալով «Յիսուս Քրիստոսի միակ փրկիչը աշխարհին, նոր կեանքի համար հաց»։

Սուրբ Հաղորդութիւնը` մեր ամենագեղեցիկ գանձը

2008ի գիտաժողովը հիւրընկալողը եղաւ Քանատայի Քեպէք քաղաքը, որուն հեռուստակայանի միջոցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկանէն ներկայացուց եզրափակիչ քարոզը, հաստատելով` որ «Սուրբ Հաղորդութիւնը մեր ամենագեղեցիկ գանձն է...Աստուծոյ Սիրոյն բարձրագոյն արտայայտութիւնը» որ մեզ կը հրաւիրէ «յանձնառու ըլլալու պաշտպանելու կեանքը, ընկալելու աղքատները անոնց տալով արժանապատւութիւն», «մարտահրաւէրներ որոնց դիմագրաւումին համար քրիստոնեան ուժ կը քաղէ Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդէն» ըսած էր Վաստակաւոր Քահանայապետը։.

Սուրբ Հաղորդութեան 50րդ գիտաժողովը կը հիւրընկալուի Իռլանդայի Տուպլին քաղաքն մէջ։ Ան կը դառնայ նաեւ առիթ վերանորոգելու Իռլանդայի Եկեղեցին, որ ցնցուած էր սեռական չարաշահումներու նուաստացուցիչ գայթակղութիւնէն

Ողջագուրել Եկեղեցւոյ միսիոներականութեան կոչումը

51րդ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Չեպուի մէջ եւ այդ առթիւ ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամով հրաւէր ուղղեց դուրս ելլելու ու ողջագուրելու Եկեղեցւոյ միսիոներականութեան կոչումը, Աստուծոյ սիրոյ միջոցաւ դարմանելու աշխարհին չարիքները։

«Մենք կոչուած ենք Աստուծոյ ողորմած սիրոյ բալասանը տանելու համայն մարդկային ընտանիքին, դարմանելով վէրքերը եւ յոյս տանելով այնտեղ ուր յաճախ կը թուի որ գերակշռած է յուսալքումը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2021, 12:00