«Յիսուս բեկանուած հաց է որ կեանք կու տայ աշխարհին». Պուտաբեշտի մէջ Ս. Հաղորդութեան Համագումարի եզրափակիչ պատարագ։

Ժամանակ նուիրենք Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքին։ Թոյլ տանք որ Յիսուսը` կենդանի Հացը, դարմանէ մեր փակումները ու մեզ բանայ բաժնեկցութեան, մեզ բուժէ կարծրութենէն, ազատէ մեր դիմագիծը պաշտպանելու անշարժացնող ստրկութենէն ու մեզ ներշնչէ որպէսզի իրեն հետեւինք այնտեղ ուր ինք կ՛ուզէ մեզ առաջնորդել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Պուտաբեշտի «հերոսներու» անուան հրապարակին վրայ գլխաւորած սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած հարցումին վրայ. «Դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ» (Մարկոս 8,29)

«Այս հարցումը դժուարութեան կը մատնէ աշակերտները եւ Վարդապետի ետեւէն իրենց ուղեւորութեան մէջ շրջադարձ մը կը նշէ» ըսաւ Սրբազան Պապը քարոզին սկիզբը, դիտել տալով` թէ ինչպէս անոնք լաւապէս կը ճանչնային Յիսուսը, մտերիմ էին անոր հետ ու վկայ անոր գործած հրաշքներուն, սակայն տակաւին անոր նման չէին մտածեր։ Անոնց կը պակսէր վճռական քայլը, Յիսուսով հմայուելէ անդին նմանիլ Յիսուսին։

«Ես ո՞վ եմ քեզի համար»

Այսօր եւս Յիսուս իր հայեացքը ուղղելով մեզմէ իւրաքանչիւրիս վրայ մեզի հարց կու տայ «Ես ո՞վ եմ քեզի համար»։ «Այս Հարցումը չի պահանջեր միայն ուղիղ պատասխան, այլ կեանքի պատասխան», որովհետեւ այդ պատասխանէն է որ կը ծնի աշակերտութեան վերանորոգումը եւ այդ տեղի կ՛ունենայ երեք անցքերու միջոցաւ. Յիսուսին հռչակումը, Յիսուսին հետ զատորոշումը եւ Յիսուսին ետեւէն քալելը, յարեց Սրբազան Պապը մեկնաբանելով այս երեք հանգրուանները։

Յիսուսին հռչակումը

Յիսուսին վերոնշեալ հարցումին յանուն բոլորին կը պատասխանէ Պետրոսը «Դուն ես Քրիստոսը»։ Պետրոս խօսքերով կը պատասխանէ եւ ուղիղ պատասխան կու տայ, սակայն Յիսուս աշակերտներուն կը յանձնարարէ ոչ մէկուն բան ըսել անոր մասին, որովհետեւ միշտ ալ վտանգը կայ սուտ «մեսիականութիւն» մը հռչակելու, որ «մարդոց եւ ոչ Աստուծոյ համաձայն մեսիականութիւն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով` որ «այդ պահէն սկսեալ Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ իր իսկական ինքնութիւնը, Զատկական ինքնութիւնը, ան որ մենք կը գտնենք Սուրբ Հաղորդութեան մէջ»։

«Ան անոնց կը սորվեցնէ «յայտնապէս» թէ Մարդու Որդին պիտի չարչարուէր, մերժուէր ծերերէն ու քահանաներու երէցներէն, պիտի սպաննուէր ու երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէր»։

Սուրբ Հաղորդութիւնը մեր դիմաց է մեզի յիշեցնելու համար` թէ Աստուած ով է։ Ոչ խօսքերով այլ շօշափելի ձեւով։ Մեզի ցոյց տալով Աստուած` որպէս բեկանուած հաց, որպէս խաչուած եւ պարգեւուած Սէր... Տէրը կը մնայ այնտեղ, այդ Հացին մէջ, որ թոյլ կու տայ բեկանուիլ, բաժնուիլ եւ ճաշակուիլ։ Ան մեզ փրկելու համար կը դառնայ ծառայ, կեանք պարգեւելու համար` կը մեռնի»։

Յիսուսին հետ զատորոշումը

Յիսուսին հետ զատորոշումը մեկնաբանելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Պետրոսի արձագանքին, որ Յիսուսին յայտնած խաչին ու տառապանքին դիմաց կ՛ըմբոստանայ եւ կը ջանայ Վարդապետը համոզել փոխելու այդ ընթացքը։

«Ինչպէս անցեալին այսօր եւս Խաչը երբեք հաճելի «նորոյթ» մը չէ։ Ան սակայն մեզ կը բուժէ ներսէն։ Խաչին առջեւ է, որ մենք կը փորձարկենք ներքին պայքար մը, հակամարտութիւնը մտածելու Աստուծոյ մտքի համաձայն կամ մարդոց մտածողութեան համաձայն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով որ «մէկ կողմէն կայ Աստուծոյ տրամաբանութիւնը, որ խոնարհ սէր է եւ միւս կողմէն կայ մարդոց մտածողութեան ձեւը, որ է աշխարհի տրամաբանութիւնը, կաշկանդուած պատիւներուն, առաւելութիւններուն, յաջողութիւններուն։

Ասկէ մեկնելով է` որ Պետրոս կը յանդիմանէ Յիսուսը։ «Մեզի ալ կրնայ պատահիլ, որ Պետրոսի նման վերաբերուինք Յիսուսին հետ, փորձելով շարունակել մեր ճանապարհը առանց սակայն ներգրաւուելու Յիսուսի տրամաբանութեան մէջ» նշեց Նորին Սրբութիւնը բացայայտելով թէ հակառակ մեր վարուելակերպին Յիսուս կ՛ընկերանայ մեր ներքին պայքարին «որովհետեւ կը փափաքի որ մենք ընտրենք զինք եւ ոչ թէ աշխարհը»։

“Վճռական տարբերութիւնը կը կայանայ Իսկական Աստուածը ու մեր եսին աստուածը ընտրելու մէջ”

Վճռական տարբերութիւնը կը կայանայ Իսկական Աստուածը ու մեր եսին աստուածը ընտրելու մէջ յարեց հուսկ Քահանայապետը հաստատելով, որ «Յիսուս մեզ կը ցնցէ։ Ան չի բաւարարուիր հաւատքի դաւանանքով, մեզմէ կը խնդրէ որ բիւրեղացնենք մեր հոգեւորականութիւնը իր խաչին առջեւ, Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ։ Ուստի ժամանակ նուիրենք Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքին։ Թոյլ տանք որ Յիսուսը` կենդանի Հացը դարմանէ մեր փակումները ու մեզ բանայ բաժնեկցութեան, մեզ բուժէ կարծրութենէն, ազատէ մեր դիմագիծը պաշտպանելու անշարժացնող ստրկութենէն ու մեզ ներշնչէ` որպէսզի իրեն հետեւինք այնտեղ ուր ինք կ՛ուզէ մեզ առաջնորդել։

Քալել Յիսուսին ետեւէն

«Հեռու ինձմէ սատանայ» կ՛ըսէ Յիսուսը Պետրոսին եւ Պետրոս ետքայլ մը կը կատարէ։ «Քրիստոնէական ուղեւորութիւնը յաջողութեան ետեւ վազք մը չէ, այլ սկիզբ կ՛առնէ ետքայլով մը» ըսաւ Քահանայապետը։

Սուրբ Պետրոսը այդ պահուն կը հասկնայ թէ Յիսուսը իր ուզած Յիսուսը չէ, այլ իսկական Յիսուսն է։ Ան ուրիշ անգամներ ալ պիտի սայթաքի սակայն ներումէ ներում միշտ աւելիով պիտի հասկնայ Աստուծոյ դիմագիծը։

Մենք մեզ բեկանենք մէկը միւսին համար

«Յիսուսին ետեւէն քալելը կը նշանակէ յառաջ ընթանալ կեանքին մէջ` Աստուծոյ սիրեցեալ զաւակներ ըլլալու այն նոյն վստահութեամբ։ Կը նշանակէ քալել Վարդապետի միեւնոյն ճանապարհին վրայ, ան որ եկաւ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։ Կը նշանակէ ամէն օր մեր քայլերը ուղղել հանդիպելու համար մեր եղբօրը։ Հոն է, որ մեզ կը մղէ Սուրբ Հաղորդութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, «մենք մեզ զգալու մէկ Մարմին, մենք մեզ բեկանելու մէկը միւսին համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը աւարտեց յորդորելով թոյլ տալ որ Յիսուսին հետ հանդիպումը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեզ փոխակերպէ այնպէս ինչպէս փոխակերպեց մեծ եւ քաջ սուրբեր` նման Սուրբ Ստեփանոսին եւ Սրբուհի Եղիսաբեթին։

Բացուինք խաչուած եւ յարութիւն առած Աստուծոյ գայթակղեցուցիչ նորութեան

«Անոնց նման մենք ալ չի բաւարարուինք քիչով, բացուինք խաչուած եւ յարութիւն առած Աստուծոյ գայթակղեցուցիչ նորութեան, ան որ բեկանուած հաց է` կեանք պարգեւելու համար աշխարհին։ Այդպէսով մենք պիտի ապրինք ուրախութեան մէջ ու պիտի տարածենք ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով որ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային գիտաժողովը որ ուղեւորութեան մը ժամանման կէտ է ըլլայ մեկնակէտ` որովհետեւ, ըսաւ ան, Յիսուսի ետեւէն ուղեւորութիւնը մեզ կը հրաւիրէ նայելու դէպի յառաջ, ընկալելու շնորհքը ու ամէն օր մեր մէջ կենդանացնելու հարցումը զոր Յիսուս ուղղեց իր աշակերտներուն «Դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2021, 12:18