Որոնել

Խաչը ըլլայ կամուրջ` ընդմէջ անցեալին եւ ապագային» Քահանայապետի Մարեմեան աղօթքը Պուտաբեշտի մէջ

Աստուծոյ անսահման քնքշութեան փրկարար Աւետարանը սնունդ է այսօրուայ սիրոյ սովահարութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պուտաբեշտի հերոսներու հրապարակի վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց «Հունգարիայի քրիստոնեայ ընտանիքին», ըլլան անոնք կաթողիկէ կամ այլ քրիստոնեայ դաւանանքի պատկան անդամներ, «որոնք կը գտնուին դէպի լիակատար միութիւն տանող ճանապարհին վրայ», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը յատուկէն ողջունելով Պատարագին մասնակցող Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա.ը ինչպէս նաեւ իր եղբայրակից եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորներն ու հաւատացեալները։

Շնորհակալութեան խօսքեր

«Յատուկ շնորհակալութիւն անոնց` որոնք աշխատեցան այս գիտաժողովը կազմակերպելու համար»ըսաւ ապա Սրբազան Պապը շնորհակալական խօսք ուղղելով նաեւ քաղաքական, քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւններուն որոնք զինք հիւրընկալեցին։

Խաչը` փրկութիւն ու խոստում աւելի լաւ ապագայի մը համար

Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի քայլերգի բառերը. «Հազար տարիներու համար խաչը եղաւ քու փրկութիւնդ, այսօր ալ Քրիստոսի խաչը քեզի համար ըլլայ խոստում աւելի լաւ ապագայի մը համար» յայտնեց թէ իր մաղթանքն է որ «խաչը ըլլայ կամուրջը ընդմէջ անցեալին եւ ապագային»։

Հռչակել  Աստուծոյ անսահման քնքշութեան փրկարար Աւետարանը

«Խաչը որ հողին մէջ տնկուած է, արմատացած մնալու հրաւէրէն անդին, իր բազուկները կը բարձրացնէ ու զանոնք կը բնանայ բոլորին առջեւ, իմ մաղթանքս է որ դուք այդպէս ըլլաք. Արմատացած ու բաց, խարսխուած ու յարգալիր» ըսաւ Սրբազան Պապը, մատնանշելով համագումարին խորհրդանիշը հանդիսացող Առաքելութեան Խաչին ու խրախուսելով ներկաները որպէսի այդ Խաչի մղումով անոնք իրենց կենցաղով հռչակեն «Աստուծոյ անսահման քնքշութեան փրկարար Աւետարանը» որ «այսօրուայ սիրոյ սովահարութեան համար սնունդ է»։

Երկու նոր երանելիներ` որոնք մօտէն ճանչցան խաչը

Քահանայապետը յիշեց ապա Վարսավիրայի մէջ այսօր Երանելի հռչակուած Աւետարանի երկու վկաներ. Կարդինալ Սթեֆան Վիչինսքին եւ Էլիզապեթթա Քզաչքան` Սուրբ Խաչի աղախիններու Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան հիմնադրուին։

«Երկու տիպարներ` որոնք մօտէն ճանչցան խաչը. Լեհաստանի առաջնորդը որ ձերբակալուեցաւ եւ մեկուսացումի ենթարկուեցաւ միշտ եղաւ արի հովիւ մը Քրիստոսի սրտին համաձայն, աւետաբերը ազատութեան եւ մարդու արժանապատուութեան» ըսաւ Քահանայապետը մինչ Քոյր Էլիզապեթթան ներկայացնելով նշեց` որ «Ան` փոքր հասակին կորսնցուց իր տեսողութիւնը եւ իր համայն կեանքը նուիրեց կոյրերու օգնութեան»։

Սիրոյ զօրութեամբ խաւարը փոխակերպել լոյսի

Երկու այս երանելիներուն օրինակը մեզ խրախուսէ սիրոյ զօրութեամբ խաւարը փոխակերպելու լոյսի» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները աղօթելու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ապա իր օրհնութիւնը շնորհելով յայտնեց թէ «ան այս քաղաքէն կ՛ուզէ հասնիլ բոլորին, մասնաւորապէս մանուկներուն, երիտասարդներուն, տարեցներուն եւ հիւանդներուն, աղքատներուն ու բացառուածներուն»։

Ձեզի հետ ու ձեզի համար կ՛ըսեմ «Աստուած օրհնէ հունգարացիները» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը ու սկիզբ տուաւ Մարեմեան Աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2021, 13:29

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >