Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյ` Քիւրէ Տարսը Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյ` Քիւրէ Տարսը 

Քիւրէ Տարսի ծիսական տօնին առթիւ Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթելու քահանաներուն համար։

Թող քահանաներն ու ժողովրապետները ներշնչուած Սուրբ Քիւրէ Տարսի օրինակէն, իրենց կեանքը նուիրեն փրկութեան աւետարանը քարոզելու առաքելութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյի ծիսական տօնին առթիւ, կը հրաւիրեմ ձեզ յատուկ կերպով աղօթելու ձեր ժողովրդապետներու ու բոլոր քահանաներուն համար։ Թող անոնք ներշնչուած Սուրբ Քիւրէ Տարսի օրինակէն, իրենց կեանքը նուիրեն փրկութեան աւետարանը քարոզելու առաքելութեան»։ Յորդորն է սա զոր Ֆրանչիսկոս Պապը` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ուղղեց հաւացեալներուն Սուրբ Քիւրէ Տարսը ներկայացնելով որպէս «Ողորմութեան եւ զօրակցութեան ու սիրոյ վկայ»։

«Քիւրէ Տ՛Արսը»  Արսի Ժողովրդապետը

Ժան Մարի Վիաննէ ծնած է 8 մայիս 1786-ին Ֆրանսայի Տարտիլլի գիւղաքաղաքին մէջ ու իր մահկանացուն կնքած է «Արս» գիւղաքաղաքին մէջ՝ 4 օգոստոս 1859-ին։ Ան ճանչցուած է որպէս Քիւրէ Տ՛Արս այսինքն Արսի Ժողովրդապետ, Հովիւ, իր հովուական անխոնջ ծառայութեան ու հոգիներու փրկութեան ի նպաստ մատուցած նուիրեալ գործունէութեան բերումով։

Աղքատ ընտանիքի զաւակ Ժան Մարի Քահանայութեան հասած է յաղթահարելով մեծ դժուարութիւններ յատկապէս ուսման գետնի վրայ։ Փոքրիկ հասակին ան իղձ յայտնած էր կեանքը նուիրել Քրիստոսի սակայն իր գիւղի ժողովրդապետը զայն ատակ չի նկատելով կը մերժէ անոր դիմումը։ 20 տարեկանին Ժան Մարի կ՛իմանայ թէ Էքիւլլիի ժողովրդապետը՝ Հայր Պալլէյ պատրաստակամ էր իր մօտ հիւրընկալելու քահանայութեան ձգտող երիտասարդներ ու անոր դիմելով կը փոխադրուի Էքիւլլի ուր կը շարունակէ իր ուսումները։ Քահանայ կը ձեռնատուրի՝ 13 օգոստոս 1815-ին, 29 տարեկանին ու քահանայական ծառայութիւնը կը մատուցէ Էքիւլլի մէջ որպէս Աբբահայր Շարլ Պալլէյի փոխանորդ։ Հայր Պալլէյի մահէն ետք Ժան Մարի կ՛ուղարկուի Արս գիւղաքաղաք, ուր իր կեանքը կը նուիրէ Աւետարանութեան, ու յատկապէս Խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարութեան։ Իր սրբակեաց ու աղօթքի նուիրուած կեանքով Քիւրէ Տ՛Արսը օրինակ կը հանդիսանայ շատերուն, որոնք իմանալով անոր համբաւի մասին կը փութան Արս գիւղաքաղաք մօտէն ճանչնալու Աստուծոյ նուիրուած այդ հոգեւորականը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 12:30