Քինշասայի մէջ 2021-ի Կրօնաւորական Կեանքի Օրը Քինշասայի մէջ 2021-ի Կրօնաւորական Կեանքի Օրը

«Յիսուսին հետ ըլլալը կը նշանակէ ըլլալ ուրախ, կը նշանակէ կարողութիւնը ունենալ զուարթութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետին պատգամը 13 - 15 օգոստոսին առցանց կազմակերպուած Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կզինելու կրօնաւորական կեանքի համագումարի մասնակիցներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Չի մոռնաք որ ներդաշնակութիւնը ստեղծողը Սուրբ Հոգին է։ Ան կը ստեղծէ բազմակերպ ներդաշնակութիւն մը ընկալելու համար տարբերութիւնները ու արժեւորելու համար յատկութիւնները միջմշակութայնացումի առողջ ու բաց հոգիով»։ Առաջին յորդորն է սա զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կ՜ուղղէ 13 - 15 օգոստոսին առցանց կազմակերպուած Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզինելու կրօնաւորական կեանքի համագումարին ուղղած իր լսատեսողական պատգամին մէջ, համագումար` որուն բնաբանն է «դէպի միջ ժողովական, միջ մշակութային եւ շրջուն կրօնաւորական կեանք»։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն կ՛ընդգծէ անոնց ներկայութեան կարեւորութիւնը, խթանելու համար մշակութայնացուած աստուածաբանութիւն մը, որ կը յարմարի տեղական իրականութեան ու կը դառնայ աւետարանումի միջոց։

«Չի մոռնանք որ հաւատք մը որ չէ մշակութայնացուած իսկական հաւաք չէ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները մուտք գործելու հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքին մէջ, յարգանքով յարելու անոնց աւանդութիւններուն ջանալով յառաջ տանիլ հաւատքի մշակութայնացումի առաքելութիւնը ու աւետարանելով մշակոյթը։ «Արժեւորեցէք այն ինչ որ Սուրբ Հոգին սերմանեց ազգերուն մէջ» շեշտեց Սրբազան Պապը։

Ակնարկելով ապա կրօնական կեանքին Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ան հաղորդութեան մասնագէտ է։ «Նուիրեալ կեանքը շրջուն է եւ եղբայրութիւն խթանող» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով հեռու մնալ հաշուետուութեան ու անցեալի ու կարօտներու մէջ փակուելու փորձութենէն, այլապէս քալելու Տիրոջ հետ յոյսի ճանապարհներուն վրայ, գիտակցելով որ ապագան կը գտնուի Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան տակ։

Սրբազան Պապը դարձեալ խրախուսելով զանոնք մուտք գործելու Աստուծոյ Ժողովրդուին կեանքին մէջ, «աւետարանելու, վկայելու ու մնացածը լքելու Սուրբ Հոգիի գործին», յորդորեց նաեւ ըլլալ ուրախ ու զուարթ, որովհետեւ «ուրախութիւնը Քրիստոսի մէջ կեանքի ամենավեհանձն արտայայտութիւնն է եւ ամենալաւ վկայութիւնը, զոր կարելի է նուիրել Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդին, որուն կանչուած ենք ծառայելու եւ ընկերանալու դէպի հայր տանող ուխտագնացութեան ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Տխուր է արդարեւ տեսնել նուիրեալ մարդիկ ու կիներ, որոնք զուարթ չեն եւ ամէն ինչ լուրջի կ՛առնեն» աւելցուց Ան անգամ մը եւս հաստատելով` թէ «Յիսուսին հետ ըլլալը կը նշանակէ ըլլալ ուրախ, կը նշանակէ կարողութիւնը ունենալ զուարթութեան` զոր կը պարգեւէ սրբութիւնը», գաղափար զոր պարունակուած է Ֆրանչիսկոս Պապին սրբութեան հայող յորդորագիրին մէջ, զոր Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց կարդալ։

Սրբազան Պապը հուսկ հայցեց աստուածային օրհնութիւններ ու Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները որպէսզի անոնք ըլլան հանդիպումի եւ եղբայրութեան մարդիկ ու կիներ եւ հայցելէ ետք նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` պատգամը աւարտեց ներկաներէն խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։ «Մեծ կարիք ունիմ այդ աղօթքին։ Բարի Համագումար։ Յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2021, 16:00