Եկեղեցին ուղեւորութեան մէջ. Օգոստոս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը շեշտէ որ Եկեղեցւոյ կոչումը աւետարանել է բայց այս չի նշանակեր հոգեւորսութիւն այլ վկայութիւնը կեանքի մը` որ ունի Աւետարանի բոյրը ու քաշողական է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Օգոստոս ամսուայ քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է Եկեղեցւոյ կոչումին որ է աւետարանումը ու այս ծիրէն ներս եկեղեցւոյ բարեփոխումը` որ Ֆրանչիսկոս Պապին համար պէտք է սկսի իւրաքանչիւրի անձէն, աղօթքի, բարեսիրութեան ու ծառայութեան փորձառութենէ մը, որ ներշնչուած ըլլայ Սուրբ Հոգիէն։

Արդարեւ 2 օգոստոսին հրապարակուած օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ըսէ.

«Եկեղեցւոյ սեփական կոչումը աւետարանումն է, որ չի նշանակեր հոգեւորսութիւն, ոչ։ Կոչումը աւետարանելն է։ Աւելին. Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը աւետարանելն է։

Կարող ենք վերանորոգել եկեղեցին միայն շնորհիւ մեր առօրեայ կեանքէն ներս Աստուծոյ կամքի զատորոշումին ու զարկ տալով Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած յեղաշրջումի մը։ Մեր անձին բարեփոխումը, այս է յեղաշրջումը։ Թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին, որ Աստուծոյ պարգեւն է մեր սրտերուն մէջ, մեզի յիշեցնէ այն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց մեզի ու մեզ օգնէ այդ մէկը ի գործ դնելու։

Սկսինք բարեփոխել եկեղեցին մեր անձերուն բարեկարգումով։ Առանց հաւաքովի գաղափարներու, առանց գաղափարական նախապաշարումներու , առանց կարծրութեան, այլ մեկնելով հոգևոր փորձառութենէն, անձնուիրումի փորձառութենէն, սիրոյ ու ծառայութեան փորձառութենէն։

Երազս է աւելի միսիոներական տարբերակ մը, որ ընթանայ դէպի միւսին հետ հանդիպում, առանց հոգեւորսութեան եւ որ կը բարեփոխէ իր բոլոր կառոյցները աւետարանելու համար ներկայ աշխարհը։

Յիշենք որ եկեղեցին միշտ ալ ունի դժուարութիւններ, կ՛անցնի տագնապներէ, որովհետեւ ան կենդանի է. Կենդանի բաները միշտ տագնապներ կ՛ապրին։ Միայն մեռեալները տագնապ չունին։

Աղօթենք Եկեղեցւոյ համար` որպէսզի Սուրբ Հոգիէն ընդունի շնորհքը եւ ուժը բարեփոխուելու Աւետարանի լոյսին տակ»։

Օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզով Սրբազան Պապը մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգել Եկեղեցին դիմելով «մեր առօրեայ կեանքէն ներս Աստուծոյ կամքին զատորոշումին»։ Սրբազան Պապին համար եկեղեցւոյ մէջ ապրուած ճգնաժամերը ու դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար հարկաւոր է դիմել բարեփոխումի մը` որ պէտք է սկսի մեր անձերէն ու ըլլայ Աւետարանի լոյսին տակ։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը շեշտէ որ Եկեղեցւոյ կոչումը աւետարանել է բայց այս չի նշանակեր հոգեւորսութիւն այլ վկայութիւնը կեանքի մը` որ ունի Աւետարանի բոյրը ու քաշողական է։

Սրբազան Պապը հուսկ որպէս տագնապի մէջ ապրող եկեղեցւոյ դարման կ՛առաջարկէ երեք կարեւոր քայլեր. Աղօթք, բարեսիրութիւն եւ ծառայութիւն որովհետեւ, դիտել կու տայ Ան, բարեփոխումը չի կատարուիր խօսքերով այլ արարքներով ու գործով, վստահելով Սուրբ Հոգւոյն ու անոր մեր սրտին ներշնչած ուղիին։

Քահանայապետը առ այդ կը հրաւիրէ աղօթելու Եկեղեցւոյ համար «որպէսզի Սուրբ Հոգիէն ընդունի շնորհքը եւ ուժը բարեփոխուելու Աւետարանի լոյսին տակ»։

Նշենք թէ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը ամէն ամիս կը հրապարակուի շնորհիւ Քահանայապետի Համաշխարհային ցանցին, որուն տնօրէնն է Յիսուսեան Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2021, 16:00