«Օրէնքին վտանգները. Խուսափիլ կեղծաւորութենէն». 25 օգոստոսի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Կեղծաւորն կ՛ապրի դիմակը դէմքին, ան ի վիճակի չէ առերեսուելու ճշմարտութեան հետ, ոչ ալ իսկապէս սիրել: Անիկա կ՛ապրի եսասիրութեան մէջ եւ ուժ չունի թափանցիկութեամբ իր սիրտը բանալու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 24 օգոստոս 2021ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակելով Սուրբ Պօղոսի գաղատացիներուն ուղղած նամակին մեկնաբանութիւնը խօսքը կեդրոնացուց օրէնքին ու անոր վտանգներուն վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Գաղատացիներուն  նամակը զարմանալի դէպքի մասին կը խօսի։ Պօղոս առաքեալը կ՛ըսէ թէ յանդիմանած է Պետրոսը Անտիոքի հասարակութեան առջեւ, որովհետեւ անոր վարուելակերպը սխալ էր։

Օրէնքին վտանգները

Այս գրութեամբ Սուրբ Պօղոսը կ՛ուզէր այդ հասարակութիւններու քրիստոնեաներուն յիշեցնել թէ բացարձակապէս պէտք չէին մտիկ ընել անոնց` որոնք կը քարոզէին թլփատութեան անհրաժեշտութիւնը, հետեւաբար «օրէնքին տակ» կ՛իյնային անոր բոլոր կանոններով։

Պետրոսին սխալը

Պետրոսի նկատմամբ քննադատութիւնը կը հայէր անոր վարուելակերպին եւ ճաշի մասնակցութեան։ Հրեաներուն արդարեւ արգիլուած էր ոչ հրեայ անձանց հետ ճաշելը։ Պետրոսը սակայն կեսարիոյ մէջ Հարիւրապետ Կուռնելիոսի տունը այցելած էր ու խախտած էր օրէնքը հաստատելով որ «Աստուած ինծի ցոյց տուաւ թէ պէտք չէ ոչ մէկ մարդ անուանել պիղծ կամ անմաքուր (Գործք Առաքելոց 10, 28)։ Սակայն երբ ան Երուսաղէմ կը վերադառնայ թլփատուած հրեաները զինք կը քննադատեն։

Նման եղելութիւն մը պատահած էր նաեւ Անտիոքի մէջ Պօղոսի ներկայութեամբ։ Պետրոսը` սկիզբը առանց դժուարութեան ճաշի կը նստէր հեթանոսութենէն քրիստոնէութիւնը ընդունող մարդոց հետ,  բայց երբ Երուսաղէմէն քաղաք կը ժամանեն մի քանի թլփատուած քրիստոնեաներ ան քննադատութիւններէն խուսափելով չի մասնակցիր այդ ճաշերուն ։

Այս մէկը ծանր կը թուի Պօղոսի աչքերուն, որովհետեւ Պետրոսը օրինակ էր նաեւ այլ աշակերտներուն, որոնցմէ առաջինը Բառնաբասն էր, որ Պօղոսի հետ միասին աւետարանած էր գաղատացիներուն։

Կեղծաւորութիւնը

Պետրոս իր այդ վարմունքովը անարդար բաժանում մը կը ստեղծէր ընկերութեան մէջ։ Ու Պօղոսը զինք կը յանդիմանէ կեղծաւորութեան համար։

«Քրիստոնեաներուն համար օրէնքը պահպանելը զանոնք կը մղէր կեղծաւորութեան, որուն դէմ Պօղոս առաքեալը կ՛ուզէ պայքարիլ վճռակամութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հարց տալով է «ի՞նչ է կեղծաւորութիւնը» ու պատասխանելով թէ «Ան կարելի է համարել ճշմարտութիւնը ըսելու վախ»։

Ձեւակերպութիւնը արգելք ճշմարտութեան

Կը նախընտրուի ձեւակերպութիւնը քան մենք մեզ ըլլալը։ Ձեւակերպութիւնը արգելք է ճշմարտութիւնը բաց խօսելու համարձակութեանը և այդպիսով մարդը դիւրութեամբ կը խուսափի ամէնուր և ամէն ինչ ըսելու պարտաւորութիւնէն, ըլլալու ճշմարտախօս:

Աստուածաշունչին մէջ մշտապէս Կեղծաւորութեան դէմ պայքար մղուած է։ Յիսուս եւս զօրեղ կերպով կը քննադատէ անոնք` որոնք արտաքինով արդար կը ցուցնեն իրենք զիրենք, սակայն ներքինով լի են անօրինութեամբ ու կեղծիքով։

Կեղծաւորն կ՛ապրի դիմակը դէմքին, ան ի վիճակի չէ առերեսուելու ճշմարտութեան հետ, ոչ ալ իսկապէս սիրելու: Անիկա կ՛ապրի եսասիրութեան մէջ եւ ուժ չունի թափանցիկութեամբ իր սիրտը բանալու։

Կեղծաւորութեան դէմ պայքար

Կեղծաւորութիւնը կը յայտնուի բազմաթիւ պարագաներու մէջ։ Անիկայ յաճախ կը թաքնուի աշխատանքի վայերուն մէջ, քաղաքականութեան մէջ ու նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ որտեղ ան յատկապէս գարշելի է, քանի որ վտանգի մէջ կը դնէ այն միասնութիւնը, որուն համար Տէրը ինքը աղօթեց։ Երբեք պէտք չէ մոռնանք Տիրոջ Խօսքերը. «Ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը ոչ, անկէ աւելին սատանայէն է»։

Յիսուս դատապարտեց կեղծաւորութիւնը։ Կեղծաւորը չի գիտեր սիրել։ Խորհրդածենք այս նիւթին մասին։ Վախ չունենանք ճշմարտութենէն ու ճշմարտախօս ըլլալէ։ Այդպէսով մենք կարող ենք սիրել։ Կեղծաւորը կարող չէ սիրել», հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2021, 09:26