Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներու հետ 

«Երիտասարդութեան միջազգային օր» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

«Երիտասարդներուն օգնութեամբ ու անոնց նորարական ոգիով կարող ենք իրագործել երազը աշխարհի մը` ուր հացը, ջուրը, դեղերն ու աշխատանքը կը հոսին առատ կերպով ու կը հասնին ամէնէն առաջ կարիքաւորներուն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1999 թ. դեկտեմբերի 17-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովի որոշումով օգոստոսի 12-ը հռչակուեցաւ «Երիտասարդութեան միջազգային օր»։

Այդ օրուան հռչակումը ընդունուած է 1998թ. Օգոստոսի 12-ին Լիզպոնի մէջ կայացած երիտասարդութեան հարցերով նախարարներու համաշխարհային խորհրդաժողովի առաջարկութեամբ։

Երիտասարդութեան միջազգային օրուայ նպատակն է աշխարհի զարգացման և կառուցման գործէն ներս յիշեցնել երիտասարդներուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաև անոնց առջև կայացած ամենօրեայ մարտահրաւէրները։

ՄԱԿ-ը բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կ՛ առաջարկէ Օրուան առթիւ կազմակերպել տեղեկատուական-քարոզչական միջոցառումներ երիտասարդներու հայող հարցերու իրազեկութեան բարձրացումին նպատակով։

Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակած թուիթին մէջ կը կարդանք. «Երիտասարդներուն օգնութեամբ ու անոնց նորարական ոգիով կարող ենք իրագործել երազը աշխարհի մը` ուր հացը, ջուրը, դեղերն ու աշխատանքը կը հոսին առատ կերպով ու կը հասնին ամէնէն առաջ կարիքաւորներուն։#YouthDay»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2021, 11:30