Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 օգոստոսի թուիթը. «Աստուած կը յայտնուի ոչ թէ արտակարգ իրավիճակներու մէջ, այլ միապաղաղ առօրեաներուն մէջ

«Աստուած կը յայտնուի գործունէութեան երբեմն յոգնեցուցիչ ռիթմի մէջ, այն փոքր բաներուն մէջ որ խոնարհութեամբ եւ վճռակամութեամբ յառաջ կը տանինք, փորձելով կատարել Անոր կամքը»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Աստուած չի յայտնուիր արտակարգ իրավիճակներու մէջ, այլ իր գործը կ՛իրականացնէ մեր ակնյայտ միապաղաղ առօրեաներուն մէջ, գործունէութեան երբեմն յոգնեցուցիչ ռիթմի մէջ, այն փոքր բաներուն մէջ որ խոնարհութեամբ եւ վճռակամութեամբ յառաջ կը տանինք, փորձելով կատարել Անոր կամքը»: Այս է 10 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը առնուած է Նորին Սրբութեան անցեալ 2 փետրուար 2021ին Սուրբ Պետրոսի մէջ արտասանած քարոզէն` Նուիրեալ Անձերու ու առաքելական կեանքի միաբանութիւններու նուիրուած Սուրբ Պատարագին առթիւ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին տաճար ընծայման տօնին օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 13:30