Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Պապը կ՛օրհնէ վարդարանը Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Պապը կ՛օրհնէ վարդարանը 

«Խոնարհութեան մէջ է որ կը կառուցուի աշխարհին ապագան» Ֆրանչիսկոս Պապին 24 օգոստոսին թուիթը։

Նախադասութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան 2020ի 25 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութենէն որ նուիրուած էր «Նորածին Եկեղեցւոյ աղօթքին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 24 օգոստոս 2021ին Քահանայապետական թուիթըրեան ընկերային ցանցին վրայ հրապարակուած թութին մէջ Սրբազան Պապը կը հաստատէ թէ ««Խոնարհութեան մէջ է որ կը կառուցուի աշխարհին ապագան»։

Սոյն նախադասութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան 2020ի 25 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութենէն, որ նուիրուած էր «Նորածին Եկեղեցւոյ աղօթքին» ուր Սրբազան Պապը ի մէջ այլոց հաստատծ էր` թէ «Աստուած է, որ կը կազմէ եկեղեցին։ Յիսուսին խօսքն է, որ իմաստ կու տայ մեր ջանքերուն» դիտել տալով`որ «Եկեղեցական կեանքին չորս հիմնական յատկութիւններն են, առաքեալներու ուսուցումին ունկնդրութիւնը, փոխադարձ հաղորդութեան պահպանումը, հացի բեկանումը եւ աղօթքը»։

«Ամէն ինչ որ Եկեղեցւոյ մէջ կ՛աճի այս «չափանիշերէն» դուրս զուրկ է արմատներէ։ Այն բաները որ այս չափանիշերուն չեն համապատասխաներ զուրկ են եկեղեցականութիւնէն» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով որ «Եկեղեցին շուկայ մը չէ։ Եկեղեցին ձեռնարկատէրու խումբ մը չէ՝ որ յառաջ կը տանին նոր ծրագիր մը։ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին գործն է, որ Յիսուս ուղարկեց մեզ համախմբելու համար։ Եւ ամէն ինչ որ ասկէ դուրս կ՛աճի հիմք չունի ու կը նմանի աւազի վրայ կառուցուած տունի մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2021, 13:30