Հայիթիի օգնութեան կարօտ բնակիչները Հայիթիի օգնութեան կարօտ բնակիչները 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին օժանդակութիւնը` Հայիթիին, Պանկլատէշին եւ Վիէթնամին

200 հազար Եւրօ Հայիթիին, 68 հազար տոլար Պանկլատէշին եւ 100 հազար Եւրօ Վիէթնամին, որպէս Քահանայապետին հոգատարութեան ու մօտիկութեան նշան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ի տես Հայիթին հարուածող երկրաշարժին, որ իշխանութիւններու տուեալներու համաձայն մինչեւ օրս պատճառած է 2200 զոհեր եւ 12 հազար վիրաւորներ, ու նաեւ ծանր նիւթական վնասներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը որոշած է, Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ի սպաս գերատեսչութեան միջոցաւ 200 հազար Եւրօ ուղարկել, որպէս անմիջական օժանդակութիւն բնակչութեան» լուրը կը հաղորդէ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ի սպաս գերատեսչութիւնը նշելով նեաւ թէ «Վերոնշեալ գումարը Առաքելական Նուիրակութեան համագործակցութեամբ պիտի բաժնուի այն թեմերուն, որոնք աւելիով տուժեցին աղէտէն, որպէս Սրբազան Քահանայապետին հոգեւոր մօտիկութեան ու հայրական քաջալերանքի նշան։

Գումարը որ կ՛ընկերանայ աղօթքներուն, ի նպաստ Հայիթիի սիրեցեալ ժողովուրդին մաս կը կազմէ այն օգնութիւններուն` որոնք կը շարունակեն հասնիլ համայն Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ու ներգրաւած են Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշած է նաեւ 69 հազար տոլար տրամադրել Պանկալտէշի բնակչութեան որ թիրախ դարձաւ Եաաս ցիկլոնին ու այլ 100 հազար Եւրօ Վիէթնամի բնակիչներուն, որոնք Քովիտ19 համաճարակի պատճառած ընկերա-տնտեսական ճգնաժամի լուծին տակ են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2021, 12:25