Սլովաքիայի Քլովոչով սրբավայրին մէջ պահպանուած Սուրբ Կոյսին սրբանկարը Սլովաքիայի Քլովոչով սրբավայրին մէջ պահպանուած Սուրբ Կոյսին սրբանկարը  

Սլովաքիան աղօթքով կը պատրաստուի ընկալելու Ֆրանչիսկոս Պապը։

7 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր, Քահանայապետի այցին նուիրուած աղօթքի ձեռնարկ։ Ֆրանչիսկոս Պապը հանգրուան պիտի կատարէ նաեւ Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը կը հրաւիրենք մասնակցելու «հոգեւոր ծաղկեփունջի» պատրաստութեան, որուն համար իւրաքանչիւր հաւատացեալ իտէալական կերպով պիտի զետեղէ ծաղիկ մը, Սլովաքիայի եւ Քահանայապետին համար աղօթք մը նուիրելով» այս խօսքերով է որ Սլովաքիայի միսիոներական Քահանայապետական գործունէութիւնը զարկ տուած է քառասնօրեայ աղօթքի ձեռնարկին  հոգեպէս պատրաստուելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութեան որ նախատեսուած է յառաջիկայ 12էն 15 սեպտեմբերին։

Աղօթքի մարաթոն

Աղօթքի մարաթոն մը՝ որ սկիզբ պիտի առնէ 7 օգոստոսին ու պիտի աւարտի 15 սեպտեմբերին, որուն առթիւ ամէն մէկ հաւատացեալ պիտի աղօթէ Սուրբ Վարդարանը եկեղեցւոյ, տունի կամ հասարակութեան մէջ»։

Անցեալ տարուընէ աշխարհը յուզող առողջապահական ճգնաժամին բերումով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ի շարս այլ հանրային գործունէութիւններու ընդհատած էր նաեւ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնները ու 2021ին կատարեց միայն մէկ ճամբորդութիւն ու ան դէպի Իրաք, այդ տառապեալ երկրի բնակչութեան տանելով յոյսի պատգամ մը։

2021-ի երկրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը 

Իսկ առաջիկայ 12 սեպտեմբերին Սրբազան Պապը, ընդառաջելով քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու երկրին եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հրաւէրին պիտի այցելէ Պուտաբեշտը, Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 52-րդ համագումարի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագին առթիւ, ապա առաքելական ճամբորդութիւնը պիտի շարունակէ այցելելով Սլովաքիան։

Ճամբորդութեան յայտագիրը 

Ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ որ Սրբազան Պապը Հռոմէն մեկնի 12 սեպտեմբերին անմիջապէս փոխադրուելով Պուտաբեշտ  ուր  նախատեսուած է պաշտօնական ընդունելութիւն ապա հանդիպում՝ Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ, ինչպէս նաեւ  երկրի եպիսկոպոսներուն ու  եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն ու Հունգարիոյ հրեայ հասարակութեան հետ։

Պուշաբեշտի մէջ Սուրբ Պատարագ

Պոուշաբեշտի մէջ Սրբազան Պապը պիտի մատուցէ Սուրբ Հաղորդութեան 52րդ համագումարին եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն աւարտին ան հրաժեշտ առնելով Հունգարիայէն կ՛ուղղուի Սլովաքիայի մայրաքաղաք Պրաթիսլավ ուր պիտի մնայ մինչեւ 15 սեպտեմբեր։

Պրաթիսլավ

Պրաթիսլավ կեցութեան ընթացքին նախատեսուած հանդիպումներու շարքին Սրբազան Պապը պիտի ունենայ համամիութենական բնոյթ ունեցող հանդիպում հուսկ պիտի տեսնուի Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ։

Երկուշաբթի, 13 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքավարական այց պիտի կատարէ  Պրաթիսլավիոյ նախագահական պալատ հանդիպեմ ունենալով նախագահին հետ ապա քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի ապա Երկրի կղերական դասին հետ ու անձնական այց պիտի կատարէ Պրաթիսլավիոյ Բեթղեհէմ կեդրոնին մինչ երեկոյեան հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահին հետ։

Քոշիչէ եւ Փրեշով

Երեքշաբթի, 14 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապը կ՝այցելէ Քոշիչ եւ  Փրէշով քաղաքները։ Քոսիչէի մէջ Ան պիտի գլխաւորէ բիւզանդական ծէսով սուրբ պատարագ, որմէ ետք հանդիպում պիտի ունենայ Ռոմ հասարակութեան հետ, հուսկ օրը պիտի աւարտէ հանդիպելով երկրի երիտասարդներուն հետ։

Սասթինի Սրբավայրը

Չորեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, Սրբազան Պապը պիտի այցելէ Սասթին քաղաքը, որուն սրբավայրէն ներս պիտի մատուցանէ առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ Պատարագը։  

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 34րդ միջազգային ճամբորութեան նշանաբանն է «Մարիամի ու Յովսէփի հետ դէպի Յիսուս ճանապրահին վրայ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2021, 11:29