Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Վերափոխման տօնին օրը Սրբազան Պապը խնդրեց այցելել Մարեմեան սրբավայր մը։

Չեմ կրնար սակայն մոռնալ բոլոր անոնց որոնք չեն կրնար արձակուրդի մեկնիլ եւ կը մնան հասարակութեան ծառայութեան տակ ծառայելու համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք կ՛ապրին անյարմար պայմաններու մէջ որոնք աւելիով ծանրացած են տաքի պատճառաւ ու որոշ ծառայութիւններու փակման բերումով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 օգոստոս 2021ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Սուրբ Կոյսին նուիրուած այս յատուկ տօնին առթիւ այցելել Սուրբ Կոյսին նուիրուած սրբավայր մը ու այնտեղ աղօթել Տիրամօր, մինչ Հռոմաբնակ հասարակութեան առաջարկեց այցելել Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ գտնուող Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատուրը։

Նախ քան սոյն հրաւէրը Սրբազան Պապը ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ուզեց յատուկէն յիշել բոլոր անոնք որոնք այս օրերուն հանգստեան վայրերուն մէջ իրենց արձակուրդները կ՛անցնեն անոնց մաղթելով անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն։

«Չեմ կրնար սակայն մոռնալ բոլոր անոնք` որոնք չեն կրնար արձակուրդի մեկնիլ եւ կը մնան հասարակութեան ծառայութեան տակ ծառայելու համար, ինչպէս նաեւ չեմ կրնար մոռնալ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ապրին անյարմար պայմաններու մէջ, որոնք աւելիով ծանրացած են տաքի պատճառաւ ու որոշ ծառայութիւններու փակման բերումով» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն յիշելով հիւանդները, տարեցները, բանտարկեալներն ու գործազուրկները, ինչպէս նաեւ գաղթականները ու բոլոր այն մարդիկը` որոնք կ՛ապրին առանձին ու դժուար պայմաններու մէջ։ «Մարիամ անոնց վրայ թող տարածէ իր մարական պաշտպանութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2021, 12:40