Մարդասիրական  օգնութեան համաշխարհային օր Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օր 

Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օր` Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օրուան այս տարուան բնաբանն է «Մարդկային ցեղը» որուն նպատակն է կենտրոնանալ կլիմայի արտակարգ իրավիճակներու վրայ ՝ ի զօրակցութիւն այդ ճգնաժամէն առաւել տուժած մարդկանց:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի 19 օգոստոսին կը յիշատակուի մարդասիրութեան միջազգային օրը որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ յետ 2003թ. օգոստոսի 19-ին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին, որուն հետեւանքով սպաննուեցաւ նաեւ Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն ներկայացուցիչ Սերճօ Վիյերա Տէ Մելոն։ Այդ թուականէն հինգ տարի անց ՄԱԿ-ի գլխաւոր հաւաքը որոշում կայացուց 19 օգոստոսը հռչակել Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օր նպատակ ունենալով ոչ միայն ճգնաժամերէ տուժած մարդոց երաշխաւորելու մարդասիրական օգնութիւններ ու խթանել անոնց բարեկեցութիւնն ու արժանապատւութիւնը այլեւ ապահովել այդ ոլորտէն ներս ծառայողներու անվտանգութիւնը։

«Մարդկային ցեղը»

Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օրուան այս տարուան բնաբանն է «Մարդկային ցեղը» որուն նպատակն է կենտրոնանալ կլիմայի արտակարգ իրավիճակներու վրայ ՝ ի զօրակցութիւն այդ ճգնաժամէն առաւել տուժած մարդկանց:

Քահանայապետին թուիթը

Օրուան առիթով հրապարակած իր թութին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը կը գրէ.

«Կլիմայական արտակարգ իրավիճակներու տագնապը մշտապէս կը յառաջացնէ մարդասիրական ճգնաժամ եւ աղքատները ամենաշատ խոցելիներն են ի տես կլիմայական ծայրայեղ իրադարձութիւններուն։ Հրատապ ու անհրաժեշտ է զօրակցութիւն մը` որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան, խաղաղութեան ու մարդկային ընտանիքին միութեան վրայ» #WorldHumanitarianDay

Միջազգային Քարիթասի կոչը

Օրուան կապակցութեամբ հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ եւ ի տես բնապահպանական համակարգի ապականումին, ծովերու ջուրերու աստիճանի բարձրանալուն, ջրհեղեղներուն, երաշտին, հրդեհներուն ու նաեւ Աֆղանիստանի ու Լիբանանի ապրած ճգնաժամային պահերուն ինչպէս նաեւ Հայիթիի մէջ պատահած երկրաշարժին Միջազգային Քարիթասը հաստատած է թէ այս բոլորը կը յառաջացնեն մարդասիրական ճգնաժամ ու թէ Ֆրանչիսկոս Պապին առաջարկած «Համապարփակ բնապահպանութիւնը» միակ լուծումն է աշխարհը յուզող կլիմայական փոփոխութիւններու հարցերուն։

Կաթողիկէ միջազգային հաստատութիւնը ապա կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի բոլոր կառավարիչներուն ու քաղաքական գործիչներուն «վճռական ու արի քայլեր» կատարելու։

«Առանց քաղաքական վճռական որոշում ու կամք մը, մարդկային կեանքը վտանգուած է, եւ երբ մարդկութեան մէկ մասը կը տառապի, համայն մարդկային ընտանիքն է որ կը տառապի» հաստատուած է Միջազգային Քարիթասի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2021, 11:30