Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աստուած կու գայ մեզ ազատելու իսկական հարցէն` որ է սիրոյ պակասը». Ֆրանչիսկոս Պապին 17 օգոստոսի թուիթը։

«Ով որ ուզէ իր անձը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով կորսնցնէ իր անձը ինծի եւ աւետարանինն համար՝ պիտի փրկէ զայն։»

Վատիկան Նիուզ

«Աստուած չի գար մեզ ազատելու հարցերէն` որոնք մշտապէս կը նորոգուին, այլ մեզ ազատելու իսկական հարցէն` որ է սիրոյ պակասը։ Այս է մեր անձնական, ընկերային, միջազգային, բնապահպանական չարիքներուն խոր պատճառը։ Միայն մենք մեզի մտածելը բոլոր չարիքներուն հայրն է»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 17 օգոստոսին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ 20 հոկտեմբեր 2020ին Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած «խաղաղութեան համար կրօններու միջազգային աղօթքի» 34րդ  հանդիպումի ընթացքին արտասանած քարոզէն, ուր Ան ի մէջ այլոց յիշեցուցած էր նաեւ Յիսուսին խօսքերը «Ով որ ուզէ իր անձը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով կորսնցնէ իր անձը ինծի եւ աւետարանինն համար՝ պիտի փրկէ զայն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2021, 13:30