Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Թորինոյի Վալտէզ տաճարին Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Թորինոյի Վալտէզ տաճարին 

Քահանայապետին պատգամը Մեթոտիստ եւ Վալտէզ եկեղեցիներուն. «Թող աճին ճանաչումն ու բացուածքը»։

Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնեց որ բոլոր քրիստոնեաները յանձնառու ըլլան ու ջանք դափեն` վեհանձնութեամբ շարունակելու ուղեւորութիւնը դէպի լիակատար հաղորդութիւնը ուրախութեամբ վկայելով Աւետարանը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Կիրակի 22 օգոստոսին Իտալիոյ Թորրէ Փելիչէի մէջ նախատեսուած Մեթոտիստ եւ Վալտէզ եկեղեցիներու սիւնհոդոսին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ եղբայրական պատգամ մը յղեց գերապայծառ Տէրիօ Օլիվերոյին որ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի համամիութեան ու երկխօսութեան յանցախումբի նախագահն է, որուն մէջ Ան ողջոյնի խօսքերուն կ՛աւելցնէ նաեւ գոհաբանութեան աղօթքը ի նպաստ «բացուածքին» ու «ճանաչումին», որոնք կը սնանեն փոխադարձ կապերը։

Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնեց որ բոլոր քրիստոնեաները յանձնառու ըլլան ու ջանք դափեն` վեհանձնութեամբ շարունակելու ուղեւորութիւնը դէպի լիակատար հաղորդութիւն, ուրախութեամբ վկայելով Աւետարանը ու խթանելով արդարութեան, խաղաղութեան եւ զօրակցութեան արժէքները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով բացառուածներուն։

Սիւնհոդոսական աշխատանքները պիտի աւարտին 25 օգոստոսին, մինչ բացումը նախատեսուած է կիրակի 22 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10ին։ Նիստերու ընթացքին լայնօրէն պիտի քննարկուին յետ քովիտեան շրջանի հայող հարցերը ու այդ ծիրէն ներս եկեղեցիներու վկայութիւնը ինչպէս յայտնեց Պավել Կայեւսքի պատուելին. Համաճարակը մեզ դրոշմեց յառաջացնելով քննադատականութիւն սակայն նաեւ ծաղկեցուց տոկունութիւն ու զօրակցութիւնը։ Այժմ պէտք է ստուգենք թէ ո՞ւր հասած ենք ու որոնք են մեր առջեւ բացուող հորիզոնները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2021, 13:01