Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ 

«Պատարագը պէտք է վերագտնէ իր կեդրոնականութիւնը հաւատացեալներուն մօտ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Տիրոջ անունով համախմբուիլը «քրիստոնեաներու կողմէ զգացուեցաւ որպէս ինքնութեան կապուած անփոխարինելի և անլուծելի իրականութիւն»,
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

23էն 26 օգոստոսին Իտալիոյ Քրեմոնա քաղաքին մէջ կայանալիք Ազգային ծիսական 71րդ շաբաթուան առիթով Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղած է Ծիսական Գործունէութեան Կեդրոնի նախագահ` գերապայծառ Քլաուտիօ Մանիակոյին, որուն մէջ ակնարկած է անցեալ տարի «լոքտաունի» ընթացքին ծիսական արարողութիւններու դադրեցման տխուր փորձառութեան մաղթելով որ ժողովրդապետութիւններուն համար որդեգրուին նոր «ծիսական հովուական ուղեցոյցներ» դիմագրաւելու համար այն «լուսանցքային» երեւոյթը, դէպի ուր կ՜ընթանայ սուրբ զոհը, խորհուրդներն ու ծիսակատարութիւնը։

Սրբազան Պապին մաղթանքն է որ անոնք` հաւատացեալներու հաւատքին ու հոգեւորականութեան մէջ վերագտնեն իրենց կեդրոնականութիւնը։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէ, որ ի վերջոյ, յետ անցեալ տարի ապրուած տխուր պահուն, կարելի եղաւ  իրականացնել Ազգային Ծիսական այս շաբաթը, որուն բնաբանն է «Այնտեղ ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած են իմ անունովս. Հասարակութիւն. Ծիսակատարութիւններ ու տարածքներ»։ 

Քահանայապետին համար կրօնական արարողութիւններուն անցեալ տարուայ ընթացքին ժամանակաւոր դադարեցումը թոյլ տուաւ հասկնալ Քրիստոնեաներու կեանքին համար սուրբ պատարագին կարեւորութիւնը» եւ «Տիրոջ անունով համախմբուիլը քրիստոնեաներու կողմէ զգացուեցաւ որպէս ինքնութեան կապուած անփոխարինելի և անլուծելի իրականութիւն», դիտել կու տայ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ հովիւներու հովուական ստեղծագործութեան ու Տիրոջ նկատմամբ սիրոյն որով աշխարական հաւատացեալներու հետ միասին կարողացան նոր ուղիներ որոնել սնուցելու համար հաւատքի ու սիրոյ հաղորդութիւնը Տիրոջ ու եղբայրներուն հետ, սպասելով որ ծիսական արարողութիւնները կարողանային դարձեալ ապրուիլ ներկայութեամբ եւ անվտանգութեամբ։

«Անիկայ եղաւ դժուար ու ցաւալի սպասում» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը նշելով, որ ան լուսաւորուած էր Տիրոջ Խաչին խորհուրդովը ու պտղատու դարձաւ խնամքի, եղբայրական սիրոյ  ու աւելիով տառապող անձերու ծառայութիւններուն միջոցաւ։

Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագներուն դադրեցումը համաճարակի սրացման ժամանակաշրջանին ի յայտ դրաւ նաեւ դարաշրջանի յեղաշրջումէն յառաջ եկած իրականութիւնը, այն է` թէ մարդոց իրական կեանքին մէջ փոխուած է ժամանակին ըմբռնումը ու նաեւ կիրակի օրուան ըմբռնումը, «ու այս մէկը մեծապէս կ՛ազդէ նաեւ մեր հասարակութիւն, ժողովուրդ ու ընտանիք ըլլալու ձեւին վրայ եւ հողամասի հետ մեր կապին վրայ» կը նշէ հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով որ այս մէկը հեռացուցած է հաւատացեալները եկեղեցական ու ժողովրդապետութեան կեանքէն, որուն համար պէտք է նոր սլացք գնտել հաղորդելու համար ողորմութեան Աւետարանը։

Ասոր համար Քահանայապետը կը մաղթէ որ Ծիսական Ազգային շաբաթը իր խորհրդածութիւններով ու աղօթքի պահերով կարողանայ գտնել եւ ժողովրդապետութիւններուն առաջարկել ծիսական նոր հովուական ուղեցոյցներ։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը յուսալից նկատեց նաեւ Հռոմէական Պատարագամատոյցի երրորդ հրատարակութեան հրապարակումը եւ իտալացի եպիսկոպոսներուն կամքը` անոր ընկերանալու Աստուծոյ ժողովուրդին ծիսական զօրեղ կազմաւորումի վերսկսումի միջոցաւ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր անոնց որոնք կը մասնակցին Ծիսական ազգային շաբթուան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2021, 10:20