Հրապարակային ունկդնրութիւն Հրապարակային ունկդնրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին 365 ընդհանուր ունկնդրութիւնները։

Յուլիս ամսուայ դադարէն ետք 4 օգոստոսին կը վերսկսին Քահանայապետական ընդհանուր ունկնդրութիւնները` զոր Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի գլխաւորէ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ութը ու կէս տարուայ Քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը մինչեւ այսօր գլխաւորած է 365 ընդհանրական ունկնդրութիւններ, ինչպէս կը յայտնէ այս մասին Վատիկանի պաշտօնական կայքը նշելով նաեւ որ ունկնդրութիւններուն առթիւ ներկայացուեցան 17 տարբեր նիւթերու մասին խորհրդածութիւններու շարք որոնցմէ առաջինը Վաստակաւոր Քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶին սկսած «Հաւատամքի» մասին խորհրդածութիւններու շարքին շարունակութիւնն էր ապա Խորհուրդները, Սուրբ Հոգւոյն Պարգեւները, Եկեղեցին, Ընտանիքը, Ողորմութիւնը` ողորմութեան նուիրուած յոբելենական տարւոյն առթիւ, հուսկ Քրիստոնէական Յոյսը, Սուրբ Պատարագը, Սուրբ Մկրտութիւնը, Դրոշմը, Տասը Պատուիրանները, Հայր մեր աղօթքը, Առաքեալներու Գործերը, Երանութիւնները, Աղօթքը, համաճարակին նուիրուած խորհրդածութիւնները «Աշխարհը բուժել» խորագիրով ու վերջին խորհրդածութիւններու շարքը որ նուիրուած է Սուրբ Պօղոսին գաղատացիներուն ուղղած նամակին, զոր սկիզբ առաւ անցեալ Յունիսին.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2021, 15:10