Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Հայր Օլիվիէյի սպանութեան համար։

«Մեծ ցաւով իմացայ Հայր Օլիվիէ Մէրի սպանութեան լուրը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 օգոստոսի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, ողջունելով ունկնդրութեան մասնակցող Ֆրանսացի ուխտաւորները, Սրբազան Պապը մեծ ցաւով յիշեց անցեալ 9 օգոստոսին հոգեբանական խանգարումներով Ռունատացիի մը ձեռքով սպաննուած Հայր Օլիվիէ Մէրը։

«Մեծ ցաւով իմացայ Հայր Օլիվիէ Մէրի սպանութեան լուրը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւակցութիւնները փոխանցելով Վանտէի Saint-laurent-sur-Sèvreի Մոնֆորթանի կրօնական հասարակութեան, որուն մեծաւորն էր Հայր Մէրը, անոր ընտանիքին ու Ֆրանսայի բոլոր կաթողիկէներուն։

«Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս ու բոլորիդ կը շնորհեմ իմ օրհնութիւնս» աւելցուց Սրբազան Պապը ֆրանսացի ուխտաւորներուն ուղղած ցաւակցական իր խօսքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2021, 11:35