Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Աֆղանիստան, Անտրէա Ռիքքարտի. Քահանայապետին խնդրած ծոմն ու աղօթքը «ապստամբութիւն» է պատերազմին դէմ։

«Եթէ փոքր խումբեր կարող ենք ատելութիւն ու վախ սերմանել այլ փոքր խումբեր կարող են խաղաղութիւն սերմանել։ Այս մէկը կարելի է աղօթքի միջոցաւ, ծոմապահութեան հետ միասին, Տիրոջ աղերսելով որ բանայ խաղաղութեան ճանապարհը ու իր Հոգւոյն միջոցաւ հրահրէ մարդոց, հզօրներուն ու իշխանութիւններուն բարի կամքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթք եւ ծոմապահութիւն, աղօթք եւ ապաշխարութիւն։ Այս մէկը ընելու պահն է սա։ Լրջօրէն կը խօսիմ. Աճեցնել աղօթքը եւ ի գործ դնել ծոմապահութիւնը Տիրոջմէ հայցելով ողորմութիւն եւ ներողութիւն» կոչն է այս զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց ի նպաստ Աֆղանիստանին անցեալ կիրակի օր Մարեմեան Աղօթքի աւարտին հաւատացեալներէն խնդրելով ամփոփուիլ աղօթքի մէջ ու դիմել ծոմապահութեան։

Անտրէա Ռիքքարտի, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիրը, որ երէկ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով քահանայապետին ձեռնարկը հաստատեց, թէ ինք կը մտածէ թէ եկեղեցիներուն մէջ շատ քիչ աղօթք կը կատարուի խաղաղութեան համար։

Աւելիով աղօթել խաղաղութեան համար

«Մենք շատ քիչ կ՛աղօթենք խաղաղութեան համար, մինչ իրականութեան մէջ պէտք է ամէն օր վարդարանը մեր ձեռքին կրկնենք պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն անունները ու աղօթենք անոնց համար։ Աղօթքը ուժ է։ Ան տեսակէտով մը ձեւն է` որով կարող ենք պաշտպանել անոնք, որոնք անպաշտպան են զանոնք յանձնելով Աստուծոյ հայրական խնամակալութեան» ըսաւ Տիար Անտրէա Ռիքքարտի։

Ի տես հեռու ու մօտիկ պատերազմներուն, որոնց համար չենք գիտեր ինչ հանգուցալուծում գտնել, ու մենք մեզ կը նկատենք անկարող բան մը ընելու, անկարողութիւն որմէ ծնունդ կ՜առնէ անտարբերութեան զգացումը, Սրբազան Քահանայապետին այս կոչն ու հրաւէրը «ապստամբութիւն» մըն է պատերազմին դէմ, դիտել տուաւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիրը։

Անտարբերութեան համաշխարհայնացումի դէմ պայքար

Սրբազան Քահանայապետը Լամփետուզայի մէջ 2013 ին արտասանած ճառին մէջ խօսած էր «անտարբերութեան համաշխարհայնացումի» մասին։ Այսօրուայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մենք ականատես ենք ամէն ինչի, մեզի կը հասնին պատկերներ եւ լուրեր ամէն ինչի մասին, սակայն կը մնանք անտարբեր որովհետեւ կը կարծենք թէ չենք կարող բան մը ընել։

«Ի՞նչ կարող եմ ընել ես` փոքր մարդ ու փոքր կին մը, ի տես Աֆղանիստանի կացութեան, ուր նոյնիսկ Ամերիկան չի գիտեր ինչպէս դուրս գալ այդ անել վիճակէն» հարց տուաւ Ռիքարտին ու հաստատեց, թէ ինք կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր այր ու կին կարող է սատարել այդ ուղղութեամբ։

Իւրաքանչիւր անձ կարող է սատարել խաղաղութեան հաստատումին

«Եթէ փոքր խումբեր կարող են ատելութիւն ու վախ սերմանել, այլ փոքր խումբեր կարող են խաղաղութիւն սերմանել։ Այս մէկը կարելի է աղօթքի միջոցաւ, ծոմապահութեան հետ միասին, Տիրոջ աղերսելով որ բանայ խաղաղութեան ճանապարհը ու իր Հոգւոյն միջոցաւ հրահրէ մարդոց, հզօրներուն ու իշխանութիւններուն բարի կամքը։

Աստուծոյ անունը խաղաղութիւն է

«Աստուծոյ անունը խաղաղութիւն է, ասիկա այդպէս է կաթողիկէներուն, իսլամներուն, Արեւելեան կրօններուն համար ու այս մէկը է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 1986ին հաստատուած Ասսիզիի հոգին, որ հրաւէր է աղօթելու խաղաղութեան, աղօթելու մէկը միւսին համար, ոչ թէ մէկը միւսին դէմ» նշեց Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիրը, որ անդրադառնալով Քահանայապետին հետ իր ունեցած հանդիպումի մասին, յայտնեց թէ Սրբազան Պապը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Աֆղանիստանի իրադարձութիւններուն ու թէ ան երբեք չէ հրաժարած յետ քովիտեան նոր աշխարհի մը կառուցման տեսլականէն, ուր ընկերային զօրակցութիւնը կ՛ընկերանայ միջազգային զօրակցութեան։

Ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՛ուզենք կառուցել

«Այս առընչութեամբ «Fratelli Tutti » շրջաբերականը կը կազմէ «Magna Charta»ն ու հոգին այդ յետ քովիտեան ընկերութեան» հաստատեց Ռիքքրատի հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալ.  «ի՞նչ տեսակ ընկերութիւն մը կը փափաքինք կառուցել». «Պատերու ու վախի ընկերութիւն կամ յոյսի եւ հիւրընկալութեան ընկերութիւն» ըսաւ Ան դիտել տալով որ յոյսն ու հիւրընկալութիւնը իրենց սնունդը կը քաղեն աղօթքէն, որովհետեւ «աղօթքը մեզ յանդուգն կը դարձնէ ու նաեւ կարող կը դարձնէ մտածելու համակեցութեան նոր ձեւեր»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2021, 11:00