Եկեղեցւոյ  երեք նոր Աստուծոյ աղախիններ ու ծառաներ Եկեղեցւոյ երեք նոր Աստուծոյ աղախիններ ու ծառաներ  

Եկեղեցւոյ երեք նոր Աստուծոյ աղախիններ ու ծառաներ

Երկուքը իտալացի աշխարհականներ են. Էնրիքա Պելթրամէ Քուաթրոքքի եւ Մարիա Քրիսթինա Չելլա Մորչելլին ապա Խրուաթ քահանայ Փլաչիտօ Քորթեզէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

30 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Սուրբերու դատի Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարչելլօ Սմերարոն արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու երեք նոր Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններու հերոսական առաքինութիւնները հռչակող հրամանագիրերը։

Երկուքը իտալացի աշխարհականներ են. Էնրիքա Պելթրամէ Քուաթրոքքի եւ Մարիա Քրիսթինա Չելլա Մորչելլին ապա Խրուաթ քահանայ Փլաչիտօ Քորթեզէն։

Էնրիքա Պելթրամէ Քուաթրոքքի ծնած է Հռոմի մէջ 6 ապրիլ 1914 ին ու իր մահկանացուն կնքած է միշտ Հռոմի մէջ 16 Յունիս 2012ին։ Ան իր եղբայրներուն ու քոյրերուն նման կը փափաքէր ընտրել կրօնաւորական կեանքը սակայն Էնրիքային ճակատագիրը եղաւ տարբեր ու անոր կոչումը եղաւ նախ ընկերանալ իր ծերունի ծնողաց ապա մեծ անձնուիրումով նուիրուիլ կամաւորական աշխատանքին, ըլլայ Սուրբ Վինչենցոյի կանայք հաստատութեան մօտ, որոնք ծառայութիւն կը մատուցէին Հռոմի աղքատներուն, ըլլայ Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումի միջոցաւ, ուր կը նուիրուի դաստիարակչական մարզին։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն Էնրիքան իր ծառայական գործունէութիւնը նուիրեց տագնապի մէջ ապրող զոյգերը օգնութեան։

Մարիա Քրիսթինա Չելլա Մորչելլինը ծնած է 18 օգոստոս 1969 Իտալիոյ Չինիզելլօ Պալսամօ գիւղաքաղաքին մէջ ու մահացած է 22 հոկտեմբեր 1995ին Պասսանօ Տէլ Կրափփա գիւղաքաղաքին մէջ։ Երբ ան յղի էր իր երրորդ զաւկով կ՛իմանայ որ քաղցկեղի հիւանդութիւնը, որմէ ժամանակին տառապած էր, դարձեալ յայտնուեցաւ սակայն վտանգի չմատնելու համար իր յղիութիւնը կը մերժէ «քիմիոթերաբիի» բուժումը։ Ան ծանր տառապանքներէ ետք կը վախճանի Պասսանօ Տէլ Կրափփայի հիւանդանոցին մէջ։

Հայր Փլաչիտօ Քորթեզէ մաս կը կազմէր Ֆրանչիսկեան վանական կրտսեր միաբանութեան։ Ծնած է 7 մարտ 1907 ին Խրուաթիոյ մէջ ու մահացած է Իտալիոյ Թրիեսթէ քաղաքին մէջ 1944ի նոյեմբերին։ Համբերատար ու պարզ անձ մը Քահանայ կը ձեռնադրուի 1930ին Փատովայի Սուրբ Անտոնի պազիլիքային մէջ եւ աւելի ուշ կը դառնայ "Il Messaggero di Sant'Antonio" պարբերաթերթին խմբագրապետը։

Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին ան օգնութեան հասաւ Խրուաթ եւ Սլովեն բանտարկելներուն: 1943ի համաներումէն ետք ան կ՛աշխատի դիւրացնելու համար նախկին բանտարկեալներուն փախուստը ինչպէս նաեւ փրկելու Նացիներէն հալածուած անձերուն ու յատկապէս հրեաներուն կեանքը։ Անոր այս գործունէութիւնը Գերմանիոյ կտղմէ կը նկատուի քաղաքական գործունէութիւն ու զինք կ՛առաջնորդէ մահուան։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2021, 08:31